Իսրայէլ չի բանակցիր Սուրիոյ հետ հաշտութեան համաձայնագիրի շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ:
«Ներկայիս Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ բանակցութիւններ տեղի չեն ունենար: Բանակցելու բան առանձնապէս չկայ: Անվտանգութեան հարցով բանակցութիւններ կան, սակայն Իսրայէլ չի պատրաստուիր Սուրիոյ վերադարձնելու Կոլանի բարձունքները, ուստի քննարկելու բան չկայ», ըսած է ան:
Իսրայէլ եւ Սուրիա խաղաղութեան բանակցութիւններու քանի մը փուլ կատարած են 1994-1995, 1999-2000 եւ 2008 թուականներուն: Անոնցմէ ոչ մէկը յաջողութեամբ աւարտած է:
Նշենք, որ Լափիտ նաեւ յայտարարեց, որ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ ինքզինք պիտի պաշտպանէ Իրանէն: Ան նաեւ նշեց, որ եթէ աշխարհը Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելուն արգելք չհանդիսանայ, «Իսրայէլ գործի պիտի լծուի»: