Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Աֆղանական Թալեպան շարժումը գործնապաշտութիւն ցուցաբերեց, եւ պէտք է զայն դատել անոր գործերով` նկատի ունենալով, որ ան Աֆղանիստանի մէջ միակ իշխողն է»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Լուլուա Խաթեր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ յայտնեց. «Աֆղան ժողովուրդը եւ ոչ թէ միջազգային ընտանիքը պէտք է որոշէ իր ճակատագիրը, եւ Աֆղանիստանը գերիշխան պետութիւն է, եւ անոր ժողովուրդը պէտք է իր խօսքը ունենայ»: Ան աւելցուց. «Երբ կը խօսինք Աֆղանիստանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին դրական ընկալման մասին, ատիկա չի նշանակեր, որ միջազգային ընտանիքը կրնայ կամ պէտք է աֆղան ժողովուրդի ճակատագիրին տիրէ»:
«Միակ ելքը վստահութեան կառուցման հոլովոյթին ճամբով եւ փուլային պիտի ըլլայ, սակայն պէտք է հիմնականին մէջ Թալեպան շարժումին դրական քայլերուն մեր դրական քայլերով պատասխանենք», շեշտեց Խաթեր:
«Քաթարի կողմէ Թալեպան շարժումին ճանաչումը անմիջապէս տեղի պիտի չունենայ, եւ մենք չենք աճապարեր զայն ճանչնալու, սակայն միեւնոյն ժամանակ թալեպաններուն հետ մեր հաղորդակցութիւնները չենք դադրեցներ: Մենք միջին ճամբով կ՛ընթանանք», շեշտեց ան:
«Շատեր մեր միջնորդութիւնն ու մօտեցումը կասկածի տակ առին, սակայն այժմ կը կարծեմ, որ ատիկա իսկական քննութեան կ՛ենթարկենք, եւ ամբողջ աշխարհը մեզի կը դիմէ այդ միջնորդութեան ու ընծայած դիւրութիւններուն համար», ըսաւ ան:
«Եթէ Թալեպան շարժումը մարդու եւ կիներու, մասնաւորաբար ուսման իրաւունքները յարգէ, ապա ատիկա օգուտ պիտի ունենայ, իսկ եթէ չյարգէ, ատիկա հետեւանքներ պիտի ունենայ», յայտնեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարի օգնականը: