Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմի Թեհրանի մէջ Իրաքի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ միացեալ մալմոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Քննարկեցինք եղբայրական յարաբերութիւններն ու կապերը եւ տնտեսական թղթածրարները, ինչպէս նաեւ երկաթուղային կապն ու առեւտրական շրջանառութիւնը աւելցնելու թղթածրարները»:
«Իրաք շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններու կը ձգտի», ըսաւ Քազեմի` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իր երկրին կողքին կանգնեցան ընդդէմ ՏԱՀԵՇ¬ին:
«Իրաք կը զօրակցի շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար Իրանի երկխօսութեան ջանքերուն», նշեց Իրաքի վարչապետը:
Ռայիսի իր կարգին շեշտեց. «Իրանն ու Իրաքը պիտի ամրապնդեն իրենց յարաբերութիւնները, հակառակ ատիկա արգիլելու թշնամիներու փորձերուն»:
Իրանի նախագահը նաեւ յայտարարեց երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան ջնջումը: