Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Հրամանատարներ Նշանակելու Ընթացքին Հաշուի Կ՛առնէ Ոչ Թէ Ազրպէյճանի, Այլ Հայաստանի Կարծիքը» Կ՛ըսէ Մուխթարլի

September 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլին իր դիմատետրեան էջին վրայ դժգոհութիւն յայտնած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատարի նշանակման նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական ռազմակայանի նոր հրամանատար նշանակուած է: Հազարապետ-զօրավար Միխայիլ Քոսոպոքովը նախապէս աշխատած է վրացական Աբխազիոյ մէջ «խաղաղութիւն» հաստատելու համար, եւ այդ ժամանակ Ռուսիան ճանչցած էր անջատողական աբխազական վարչակարգի «անկախութիւնը»:

«Քոսոպոքովը արդէն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ: Այս նորութիւնները մենք կ՛իմանանք հայկական եւ ռուսական կայքերէն: Թէեւ Քոսոպոքովի ռազմակայանը կը գտնուի Ազրպէյճանի մէջ, սակայն ան սկիզբը նախընտրած է հանդիպիլ հայ նախարարին հետ: Կը կարծեմ, որ օր մը ան կրնայ հանդիպիլ Զաքիր Հասանովի հետ:

«Քոսոպոքովը ղեկավարած է Վրաստանի մէկ մասին բռնագրաւումը: Նման անձին պէտք չէր արտօնուեր ղեկավարել Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ ուժերը: Կը թուի, թէ Ռուսիան հրամանատարներ նշանակելու ընթացքին հաշուի կ՛առնէ ոչ թէ Ազրպէյճանի, այլ` Հայաստանի կարծիքը», գրած է Մուխթարլի:

Մուրատով Հասանովին Ներկայացուցած Է Քոսոպոքովը

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ հանդիպում ունեցած է զօր. Ռուսթամ Մուրատովի հետ, որ աւարտած է իր ծառայութիւնը իբրեւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Մուրատով պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուցած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Միխայիլ Քոսոպոքովը:

Նախորդը

Մուրատով Դրական Կը Գնահատէ Արցախի Մէջ Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Աշխատանքը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 36-ի Լուծում

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.