Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են աֆղանական նոր կառավարութեան մէջ կարեւոր դիրքեր ապահովելու համար Թալեպան շարժումին ընտրած կարգ մը անձերու «պատկանելիութիւններէն ու տուեալներէն»:
Ուաշինկթըն մտահոգութիւն յայտնեց Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններու կառավարութեան նկատմամբ եւ յայտնեց. «Նաեւ վերստին կը յայտնենք մեր յստակ ակնկալութիւնը, որ Թալեպան շարժումը երաշխաւորէ աֆղանական հողերուն որեւէ այլ երկրի սպառնալու համար չօգտագործելուն եւ արտօնէ աֆղան ժողովուրդին աջակցելու համար մարդասիրական օժանդակութիւններու հասնիլը»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Ուաշինկթըն թալեպաններու կառավարութեան մասին կարծիք պիտի կազմէ հիմնուելով անոր գործերուն վրայ:
Թալեպան շարժումը երեքշաբթի օր յայտարարեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով, որ մուլլա Մոհամետ Հասան պիտի ստանձնէ նոր կառավարութեան վարչապետի պաշտօնակատարի պաշտօնը, իսկ մնացեալ նախարարութիւններուն մասին հետագային պիտի յայտարարուի:
Շարժումը աւելցուց, որ Մոհամետ Եաաքուպ Ժուահետ պիտի ստանձնէ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, իսկ Սիրաժետտին Հաքքանին պիտի նշանակուի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնին:
Նախքան այդ, Թալեպան շարժումի գերագոյն ղեկավար Հիպաթուլլա Ախուանտզատէն աֆղանները շնորհաւորեց իրենց երկրի օտար տիրապետութենէն ազատագրման առիթով: Ան նշեց, որ իսլամական օրէնքը ապագային պիտի կարգաւորէ Աֆղանիստանի մէջ կառավարման ու կեանքի բոլոր հարցերը: