Միջազգային

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորն Ու Գահաժառանգը Շնորհաւորեցին  Հայաստանի Անկախութեան Տօնը

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորն Ու Գահաժառանգը Շնորհաւորեցին Հայաստանի Անկախութեան Տօնը

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը շնորհաւորեցին Հայաստանի Անկախութեան տօնը: Սէուտական Արաբիոյ թագաւորն ու գահաժառանգը երկու նմանօրինակ ուղերձներով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին մաղթեցին առողջութիւն եւ ուրախութիւն, «եւ բարեկամ Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` առատ յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում»:    

«Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կը Հիմնուին Բարեկամութեան Բարի Աւանդութիւններու, Մշակոյթի Եւ Հոգեւոր Մտերմութեան Վրայ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կը Հիմնուին Բարեկամութեան Բարի Աւանդութիւններու, Մշակոյթի Եւ Հոգեւոր Մտերմութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով շնորհաւորական հեռագիր ուղարկած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ղեկավարը ընդգծած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ կառուցողական փոխադարձ գործակցութիւն ԵւրԱզԷս-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ: «Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը հիմնուին բարեկամութեան բարի...

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ծիրին Մէջ Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ծիրին Մէջ Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ երկկողմանի բանակցութիւններ ունեցած են` քննարկելով շրջանային շարք մը հարցեր: «Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: Կը նշուի, որ անոնք մասնաւորաբար քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ բազմակողմ համագործակցութեան հարցերը: «Թուրքիան...

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը.   «Պլինքըն Թուրքիոյ Հասկցուցած Է, Որ Մենք Պատրաստ Ենք Օգտակար Ըլլալու. Ան Նոյն Առաջարկը Պիտի Ընէ Հայերուն Եւ Ազրպէյճանցիներուն»

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. «Պլինքըն Թուրքիոյ Հասկցուցած Է, Որ Մենք Պատրաստ Ենք Օգտակար Ըլլալու. Ան Նոյն Առաջարկը Պիտի Ընէ Հայերուն Եւ Ազրպէյճանցիներուն»

Նիւ Եորքի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկը, լրագրողի խնդրանքով, անդրադարձած է Հարաւային Կովկասին: «Կը կարծեմ` գիտէք, որ հայ-ազրպէյճանական պատերազմէն ետք` այս գարնան, Միացեալ Նահանգներ փորձած են օգտակար ըլլալ անոնց երկուքին միջեւ խաղաղութեան եւ հաշտութեան խօսակցութեան աջակցելուն: Մենք կը մասնակցինք փոխանակման. մեր միջնորդութեամբ փոխանակուած են ականապատ տարածքներու որոշ...

Քապուլի Միջազգային Օդակայանը  Վերսկսած Է Իր Աշխատանքին

Քապուլի Միջազգային Օդակայանը Վերսկսած Է Իր Աշխատանքին

Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանը երէկ պաշտօնապէս վերսկսած է աշխատանքի` ներքին ու միջազգային թռիչքներու համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութեան թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակուած գրառման մէջ: Աֆղանիստանի քաղաքային թռիչքներու վարչութեան որոշումով` օդակայանը պիտի աշխատի առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: Քաղաքային թռիչքները դադրեցուած էին 15 օգոստոսին, երբ թալեպանները մուտք գործեցին մայրաքաղաք:...

Ճոնսըն Կը Ջանայ Ֆրանս-Բրիտանական  Յարաբերութիւններուն Մէջ Յառաջացած  Լարուածութեան Հարցը Լուծել

Ճոնսըն Կը Ջանայ Ֆրանս-Բրիտանական Յարաբերութիւններուն Մէջ Յառաջացած Լարուածութեան Հարցը Լուծել

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ կը ջանայ աւստրալիական բանակին հետ ստորագրուած ֆրանսական սուզանաւերու գործարքի ջնջումին պատճառով Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած լարուածութեան հարցը լուծել: Ճոնսըն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք ուղղուելուն ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց. «Մենք շատ հպարտ ենք Ֆրանսայի հետ մեր յարաբերութիւններով: Ֆրանսայի նկատմամբ մեր սէրը անպարտելի է»: Ան նշեց, որ Բրիտանիան ու...

«Ազրպէյճանը Մեզի Համար Ոչ Միայն Դրացի Է,  Այլեւ Մենք Ռազմավարական Գործընկերներ Ենք»  Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

«Ազրպէյճանը Մեզի Համար Ոչ Միայն Դրացի Է, Այլեւ Մենք Ռազմավարական Գործընկերներ Ենք» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

«ՍՈՔԱՐ-ը (Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը, «Ա.») կը կրէ յատուկ ընկերային պատասխանատուութիւն: Ընկերութիւնը տարբեր շրջաններու մէջ բազմաթիւ ընկերային ծրագիրներ իրագործած է մեր բնակչութեան համար, եւ այսօր ասիկա ատոր հաստատումն է», ըսած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի` խօսք արտասանելով Մառնէուլի շրջանի Քիզիլաճլօ գիւղին մէջ նոր մարզահամալիրի բացման արարողութեան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը: Ղարիպաշվիլի կարեւոր նկատած է ՍՈՔԱՐ-ի ներդրումները Վրաստանի մէջ...

Իրան Զինուորական Ուժեր Ու Սպառազինութիւն  Կը Կուտակէ Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ

Իրան Զինուորական Ուժեր Ու Սպառազինութիւն Կը Կուտակէ Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ

Իրանի զինեալ ուժերը զգալի թիւով զինուորներ ու սպառազինութիւն կը տեղափոխեն Ազրպէյճանի հետ սահման, ուր լայնածաւալ ռազմափորձեր նախատեսուած են Արաքս գետի հովիտին մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը գրէ, որ այս մասին կը գրէ «Ռազմական մեկնաբան» թելեկրամեան ալիքը: Յիշեցնենք, որ նախապէս Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտարարած էր, որ Իրան իր տարածքին մէջ զինեալներուն կը սորվեցնէ անօդաչու թռչող սարքեր կառավարել ու խոցող զինուորական...

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին, Եւ Թեհրան Համաձայնութեան Հասնելու Չ՛Աճապարեր» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Ազրպէյճանի Փոխվարչապետն Ու Իրանի Դեսպանը Քննարկած Են Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ Ստեղծուած Կացութիւնը

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի հետ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան մամլոյ ծառայութիւնը: Կը հաղորդուի, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանին զարգացումները, յատկապէս Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանամերձ գօտիներու մէջ տիրող կացութիւնը եւ Գորիս-Կապան ճամբու փոխադրամիջոցային նոր պայմանները, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր:...

Դաշնակիցներու Միջեւ  «Սուզանաւերու Տագնապ».  «Ֆրանսական Սուզանաւերուն Նկատմամբ  Լուրջ Մտավախութիւններ Ունէինք»  Կ՛ըսէ Աւստրալիոյ Վարչապետը

Դաշնակիցներու Միջեւ «Սուզանաւերու Տագնապ». «Ֆրանսական Սուզանաւերուն Նկատմամբ Լուրջ Մտավախութիւններ Ունէինք» Կ՛ըսէ Աւստրալիոյ Վարչապետը

«Անցեալ շաբաթ գործարքը չեղեալ նկատելնէս առաջ, ֆրանսական սուզանաւերուն նկատմամբ լուրջ մտավախութիւններ ունէինք, եւ կը կարծեմ, որ Փարիզ ատկէ տեղեակ էր»: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Աւստրալիոյ վարչապետ Սքաթ Մորիսըն: «Կը կարծեմ, որ բոլոր պատճառները ունէին գիտնալու, որ լուրջ ու խոր մտավախութիւններ ունեցանք «Աթաք+» տիպի սուզանաւերու կարողութիւններուն նկատմամբ, որոնք չէին համապատասխաներ մեր ռազմավարական շահերուն, եւ ամբողջապէս...

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Հայաստանին  Եւ Ազրպէյճանին Օգնելու` Յաղթահարելու Համար  Պատերազմի Հետեւանքները»  Կ՛ըսէ Քլաար

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Օգնելու` Յաղթահարելու Համար Պատերազմի Հետեւանքները» Կ՛ըսէ Քլաար

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ աշխատիլ շարունակելու` յետպատերազմեան հետեւանքները յաղթահարելու համար: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ակնա այցելութեան ժամանակ ըսած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար: «30 տարուան տագնապը խոր սպիներ ձգած է: Մեկնելով անկէ, ինչ որ մենք կը լսենք, պէտք է հասկնալ, որ պատերազմը սարսափելի...

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Նախագահը  Կարեւոր Նկատած Է Արցախի Մէջ  Տեւական Խաղաղութեան Հաստատումը

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահը Կարեւոր Նկատած Է Արցախի Մէջ Տեւական Խաղաղութեան Հաստատումը

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մարկարեթա Սետերֆելտ անհրաժեշտ կը նկատէ աւելին ընել Արցախի մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ան այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին ժամանակ: Ան ընդգծած է, որ թէեւ Արցախի մէջ զինադադարի դրութիւն է, սակայն պէտք է աւելի շատ քայլերու ձեռնարկել` երաշխաւորելու համար տեւական խաղաղութիւնը եւ թեթեւցնելու համար քաղաքայիններու տառապանքները: «Յենելով...

ՀԱՊԿ-ն Կը Սպասէ Հայաստանի Դիմումին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքի Դէմ Ազրպէյճանի Ոտնձգութեան Հարցը Քննարկելու

ՀԱՊԿ-ը Յայտարարած Է Զինուորական Ոլորտին Մէջ Միացեալ Պիւտճէի Մասին

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրները  յայտարարած են միացեալ պիւտճէի մասին` զինուորական ոլորտին մէջ գիտահետազօտական եւ փորձառական մշակումներու կատարման համար: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսով: Ան ընդգծած է, որ ասիկա նոր նախաձեռնութիւն է: «Մենք պարզ բանաւոր համակարգումէն անցում կը կատարենք աւելի լուրջ համարկում», յայտարարած է Պորիսով:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան  «Էս-400»-ները Ձեռք Բերելու Հետեւանքներէն

Ըստ «Արապ» Օրաթերթին. Սէուտական Արաբիան Ամերիկեան Համակարգերու Հեռացումէն Ետք Մտադիր Է Ռուսական «Էս-400» Համակարգեր Գնել

Միացեալ Նահանգներ Սէուտական Արաբիայէն դուրս բերած են իրենց ԹՀԱԱՏ եւ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, որմէ ետք արաբական երկիրը հետաքրքրուած է ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով: Այս մասին կը հաղորդէ Բրիտանիոյ մէջ հրատարակուող «Արապ» օրաթերթը: Միացեալ Նահանգներ որոշած են Սէուտական Արաբիայէն հեռացնել իրենց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը` բացատրելով, որ անոնց թիւը սահմանափակ է, եւ անոնց աւելի կարիք ունին այլ տարածաշրջաններու մէջ, մասնաւորաբար` Չինաստանի...

Ըստ Ամերիկեան Դիւանագիտական Աղբիւրներուն.  Փութինի Եւ Պայտընի Երկրորդ Հանդիպումը  Կրնայ Տեղի Ունենալ Հոկտեմբերին

Ըստ Ամերիկեան Դիւանագիտական Աղբիւրներուն. Փութինի Եւ Պայտընի Երկրորդ Հանդիպումը Կրնայ Տեղի Ունենալ Հոկտեմբերին

Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները բանակցութիւններ կը վարեն Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի վեհաժողովի շուրջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին գրած է «Սթրանա» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներուն: «Երկու նախագահներու հանդիպումը, հաւանաբար, տեղի ունենայ հոկտեմբերին», յայտնած է օրաթերթը: Կ՛ակնկալուի, որ կողմերը քննարկեն ռազմավարական կայունութիւնը, սպառազինութեան վերահսկողութիւնը, համացանցային անվտանգութեան առնչուող խնդիրները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ, Աֆղանիստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Միջին...

Փարիզի Հրդեհուած «Նոթր Տամ» Տաճարի  Ամրապնդման Աշխատանքները Աւարտած Են

Փարիզի Հրդեհուած «Նոթր Տամ» Տաճարի Ամրապնդման Աշխատանքները Աւարտած Են

Փարիզի «Նոթր Տամ» տաճարի ամրապնդման եւ անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները աւարտած են, իսկ վերանորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին ձմեռը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի «Նոթր տամ» տաճարի վերականգնման պետական յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: Աշխատանքի այս փուլին տեղադրուած են փայտէ յենարաններ, կը կատարուի կապարով աղտոտած տարածքի մաքրում: 15 ապրիլ 2019 թուականին Փարիզի «Նոթր Տամ» տաճարին մէջ մեծ հրդեհ ծագած էր: Ֆրանսայի...

Փութին Հաւանական Նկատած Է Ռուսիոյ  Եւ Պիելոռուսիոյ Միութենական  Խորհրդարանի Ստեղծումը

Փութին Հաւանական Նկատած Է Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Միութենական Խորհրդարանի Ստեղծումը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ ապագային կրնայ ստեղծուիլ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ միութենական խորհրդարան: Բայց եւ այնպէս, այս նիւթը տակաւին չէ քննարկուած: «Մենք կը մեկնինք այն իրողութենէն, որ հակառակ այս քաղաքական նպատակի ամբողջ ազնուութեան, նախ պէտք է ստեղծել տնտեսական հիմք, հիմք` յառաջ շարժելու համար, ներառեալ` քաղաքական ուղիի վրայ: Մենք տակաւին չենք քննարկած այս հարցերը», ըսած է Փութին մամլոյ ասուլիսի...

Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան  Վեհաժողովին Ստորագրուած Է Տուշանպէի Հռչակագիրը

Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Վեհաժողովին Ստորագրուած Է Տուշանպէի Հռչակագիրը

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները ստորագրած են Տուշանպէի հռչակագիրը: Այս մասին հաղորդած Է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Փաստաթուղթին մէջ, որ ընդունուած է միաւորման կազմաւորման 20-ամեակին առիթով, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ղեկավարները արտայայտուած են Աֆղանիստանի մէջ իրադրութեան շուտափոյթ լուծման օգտին` նշելով, որ երկիրը պէտք է ըլլայ չէզոք, միասնական եւ ժողովրդավարական: Ատկէ բացի, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ հանդէս եկած են Աֆղանիստանի մէջ համաձայնական  կառավարութեան...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Թալեպան  Շարժումին Հետ Փոխադարձ  Գործակցութեան Կոչ Ուղղած Է

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Թալեպան Շարժումին Հետ Փոխադարձ Գործակցութեան Կոչ Ուղղած Է

ՄԱԿ-ը պէտք Է փոխգործակցի Թալեպան շարժումին հետ, որ Աֆղանստանի մէջ իշխանութիւն է: Այդ մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած Է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը: «Ես կը կարծեմ, որ ՄԱԿ-ը պէտք է փոխգործակցի Թալեպան շարժումին հետ, ՄԱԿ-ը պէտք է շատ կարեւոր դեր խաղայ այս դժուար պահուն աֆղան ժողովուրդին աջակցելու եւ համաշխարհային հանրակցութիւնը շարժելու աֆղաններուն արդիւնաւէտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու...

Ռուսիոյ Մէջ Սկիզբ Առած Են  Պետական Տումայի Ընտրութիւնները

Ռուսիոյ Մէջ Սկիզբ Առած Են Պետական Տումայի Ընտրութիւնները

Երէկ` 17 սեպտեմբերին, Ռուսիոյ մէջ սկիզբ առած են Պետական տումայի ընտրութիւնները: Քուէարկութեան հիմնական օրը կը նկատուի 19 սեպտեմբերը, իսկ 17 եւ 18 սեպտեմբերը` լրացուցիչ: Եռօրեայ քուէարկութեան ընթացքին ռուսերը պիտի ընտրեն Պետական տումայի 450 երեսփոխան: Այս տարի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած է 3812 թեկնածու` 14 կուսակցութիւններէ: Բացի Պետական տումայի ընտրութիւններէն, Ռուսիոյ ենթակայ տարածքներու ղեկավարները պիտի ընտրուին 12 մարզերու մէջ, շրջաններու օրէնսդիր մարմիններու...

Page 316 of 883 1 … 315 316 317 … 883

Արխիւներ