Միջազգային

Ալիեւ Յայտարարած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի  Շինարարութեան Մասին Եւ Հայաստանին Սպառնացած  Պատերազմով` Ատոր Խոչընդոտելու Պարագային

Ալիեւ Յայտարարած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարութեան Մասին Եւ Հայաստանին Սպառնացած Պատերազմով` Ատոր Խոչընդոտելու Պարագային

Յայտարարութիւնը, որ ստորագրուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի գիշերը, յստակօրէն կը նշէ, որ պէտք է հաղորդակցութիւն հաստատուի Ազրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ: Այս հաղորդակցութիւնը հաստատուա՞ծ է: Ո՛չ, նման հաղորդակցութեան բացումը շատ ժամանակ չի պահանջեր: Ճամբու ընդհանուր երկարութիւնը ընդամէնը 40 քիլոմեթր է: Պատերազմէն մէկ տարի ետք մենք կառուցեցինք աւելի քան 1000 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբաներ` թէ՛ ասֆալթապատ, թէ՛  այլ: 40...

«Անգարան Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Ուղղուած Որեւէ Քայլ  Պիտի Ձեռնարկէ Պաքուի Հետ Քննարկելէ Ետք»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Անգարան Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Որեւէ Քայլ Պիտի Ձեռնարկէ Պաքուի Հետ Քննարկելէ Ետք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Անգարան Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած որեւէ քայլ պիտի քննարկէ եւ ձեռնարկէ Պաքուի Հետ միասնաբար: «Ի.Էյ.Տէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պոլսոյ մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Ան ընդգծած է, որ Անգարան դրական կը գնահատէ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Երեւանի յայտարարութիւնները, սակայն ատոր շուրջ տակաւին յստակ ծրագիր...

Ազրպէյճանի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Ազրպէյճանի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հանդիպումի ընթացքին նախարարները կարծիքներ փոխանակած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ եւ յայտնած են, որ հետաքրքրուած են անոնց զարգացումով: Կողմերը անդրադարձած են Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն:

Կիպրոսի Նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր  Ժողովի Ամպիոնէն Հարց Կու Տայ.  «Ո՞ր Երկիրը Բռնագրաւուած Պահած Է Կիպրոսը,  Ո՞ր Երկիրը Միջամտած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին»

Կիպրոսի Նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ամպիոնէն Հարց Կու Տայ. «Ո՞ր Երկիրը Բռնագրաւուած Պահած Է Կիպրոսը, Ո՞ր Երկիրը Միջամտած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին»

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս Թուրքիան մեղադրած է Արցախի տագնապին միջամտելու յանցանքով: Կիպրոսի նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտած է, որ եկած է Կիպրոսի մասնատման վերջ տալու ժամանակը, սակայն Թուրքիան պէտք է ետ կանգնի Կիպրոսի համար «անընդունելի» նկատուող դիրքորոշումէն: Այս մասին կը հաղորդէ «1լուրեր»-ը: Նախագահ Անասթասիատիս Անգարային յիշեցուցած է նաեւ Կիպրոսի վերաբերեալ ՄԱԿի բանաձեւերը: «Թուրքիոյ...

«Ազրպէյճան Պատրաստ Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններու Սկսելու, Սակայն Հայաստանի Կողմէ Դրական Արձագանգ Չենք Տեսներ»   Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Ազրպէյճան Պատրաստ Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններու Սկսելու, Սակայն Հայաստանի Կողմէ Դրական Արձագանգ Չենք Տեսներ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու` Երեւանը յորդորելով համագործակցութեան եւ տարածքային պահանջներու միջեւ ընտրութիւն կատարելու: «Տագնապը աւարտած է, ուստի Ազրպէյճան արդէն յայտարարած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու պատրաստակամութեան մասին` սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման սկզբունքի, իրարու գերիշխանութեան եւ տարածքային...

«Ֆրանսայի Հետ Կապերու Վերակառուցումը Ժամանակի Եւ Ծանր Աշխատանքի Պիտի Կարօտի»   Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Ֆրանսայի Հետ Կապերու Վերակառուցումը Ժամանակի Եւ Ծանր Աշխատանքի Պիտի Կարօտի» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Որոշուեցաւ Ֆրանսայի հետ խոր քննարկումներ կատարել, եւ յանձնառու ենք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ այդ հարցով սերտօրէն աշխատելու»: «Ֆրանսայի հետ կապերու վերակառուցումը ժամանակի եւ ծանր աշխատանքի պիտի կարօտի», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: «Քսաններու խմբակին հետ երէկուան մեր ժողովներուն ընթացքին Աֆղանիստանի վրայ կեդրոնացանք, միջազգային ընտանիքին մեր պատգամը հետեւեալն է. Թալեպան շարժումին որեւէ աջակցութիւնը...

Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ժան Իվ Լը Տրիան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ իրենց ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկած են նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Սերկէյ Լաւրով եւ Ժան Իվ Լը Տրիան պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու...

Թուրքիոյ Նախագահը Յայտարարած Է Իգտիրէն Նախիջեւան Ճամբու Կառուցման Մասին

Թուրքիոյ Նախագահը Յայտարարած Է Իգտիրէն Նախիջեւան Ճամբու Կառուցման Մասին

Իգտիրէն Նախիջեւան պիտի կառուցուին մայրուղիներ եւ երկաթուղիներ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Նախիջեւան տանող երկաթուղիի կառուցումը «շատ կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ»:  

Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանին Մէջ Հայաստանի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանին Մէջ Հայաստանի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Ազրպէյճան դիմած է ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարան ընդդէմ Հայաստանի` ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու ջնջման միջազգային հռչակագիրի խախտումներու համար: Այս մասին կը նշուի Միջազգային դատարանի հաղորդագրութեան մէջ: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայաստան դիմած է ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարան` փաստեր ներկայացնելով Ազրպէյճանի կողմէ ցեղային խտրականութեան վերաբերեալ: Հայկական կողմի ներկայացուցած հայցին մէջ կը նշուի. «Ազրպէյճան տասնամեակներ շարունակ ցեղային խտրականութեան ենթարկած է Հայաստանը», եւ այդ մօտեցումը...

«Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Առողջ Չեն»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Առողջ Չեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները առողջ չեն, եւ Ուաշինկթըն Անգարայի` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն առնչուած հարցերուն «փոխզիջումնային լուծում»-ի մը կարիքը ունի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական «ՀապերԹիւրք» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն ըսած է. «Չեմ կրնար ըսել, որ...

Ազրպէյճան Ռուսիայէն Նոր Զէնք Գնելու Դիմում Ներկայացուցած Է

Ազրպէյճան Ռուսիայէն Նոր Զէնք Գնելու Դիմում Ներկայացուցած Է

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան արդէն դիմումներ ներկայացուցած է Ռուսիոյ` նոր տեսակի զէնքի եւ սպառազինութեան ձեռքբերման համար: «Բնականաբար, այժմ մենք կ՛ուսումնասիրենք նոր սարքաւորումները: Թեքնիք խումբերը կ՛ուսումնասիրեն նոր կարելիութիւններ, մենք արդէն ներկայացուցած ենք որոշ դիմումներ, ուստի Ռուսիոյ հետ այս ուղղութեամբ համագործակցութիւնը նոյնպէս պիտի զարգանայ», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Նացիոնալնայա օպորոնա» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ան ընդգծած...

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Եւ Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպումներ Կը Նախատեսուին Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Եւ Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպումներ Կը Նախատեսուին Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ Թաշքենտի մէջ մասնակցած է «Վալտայ» քննարկումներու միջազգային ակումբի եւ Ուզպեքիստանի նախագահին կից Ռազմավարական եւ միջշրջանային հետազօտութիւններու հիմնարկին կազմակերպած խորհրդաժողովին, որուն ծիրին մէջ անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան եւ յառաջիկային նախատեսուող հանդիպումներուն: «Չէի ըսեր, թէ Մինսքի խմբակը աշխատանք չի տանիր: Հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, թերեւս ոչ այդքան հանրային կերպով, սակայն կան: Եւ Մինսքի խմբակի մեր...

Սոլիվըն Եւ Քալըն Սպիտակ Տան Մէջ Քննարկած Են Արցախեան Բ. Պատերազմէն Ետք Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

Սոլիվըն Եւ Քալըն Սպիտակ Տան Մէջ Քննարկած Են Արցախեան Բ. Պատերազմէն Ետք Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սոլիվընի եւ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընի հանդիպումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները: Հանդիպումի գլխաւոր նիւթերէն եղած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք կովկասեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ կատարուելիք քայլերը: Կողմերը քննարկած են նաեւ Թուրքիա-Միացեալ...

Ազրպէյճանի, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Հանդիպում Պիտի Ունենան Թեհրանի Մէջ

Ազրպէյճանի, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Հանդիպում Պիտի Ունենան Թեհրանի Մէջ

Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարելու նպատակով հանդիպում պիտի ունենան Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: «Թասնիմ»-ի տուեալներով` հանդիպումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Նիւ Եորքի մէջ այս շաբաթ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ կայացած` Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին:

«Իտլիպի Մէջ Մագլցումին Գլխաւոր Պատճառը Թրքական Բռնագրաւումն Է» Կ՛ըսէ Մըքտատ

«Իտլիպի Մէջ Մագլցումին Գլխաւոր Պատճառը Թրքական Բռնագրաւումն Է» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Դամասկոս Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնը բռնագրաւումի արարք կը նկատէ եւ կ՛ուզէ Անգարայի կողմէ իր ուժերուն անմիջապէս հեռացումը տեսնել»: «Իտլիպի շրջանին մէջ մագլցումին գլխաւոր պատճառը թրքական բռնագրաւումն է եւ այն աջակցութիւնը, զոր Թուրքիան կը տրամադրէ այդտեղ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն», յայտարարեց սուրիական դիւանագիտութեան պետը: «Թուրքիան անմիջապէս պէտք է...

Թեհրան. «Ծոցի Անվտանգութեան Վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւնները Յառաջադէմ Փուլի Հասան»

Թեհրան. «Ծոցի Անվտանգութեան Վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւնները Յառաջադէմ Փուլի Հասան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ հետ Պաղտատի մէջ բանակցութիւններու շարք մը փուլեր տեղի ունեցան, երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ շինիչ բանակցութիւններ տեղի ունեցան»: «Ծոցի անվտանգութեան վերաբերեալ սէուտական կողմին հետ բանակցութիւնները յառաջադէմ փուլի հասած են», ըսաւ ան լրագրողներու: Խաթիպզատէ նաեւ յայտնեց. «Բանակցութիւնները չդադրեցան, եւ ներկայ կառավարութեան պաշտօնի ստանձնումէն ետք, երկու երկիրներուն միջեւ պատշաճ մակարդակով նամակներու փոխանակում տեղի ունեցաւ»:...

Հելսինքիի Մէջ Ամերիկեան Եւ Ռուսական Բանակներու Սպայակոյտերու Պետերուն Միջեւ 6 Ժամ Տեւողութեամբ Հանդիպում

Հելսինքիի Մէջ Ամերիկեան Եւ Ռուսական Բանակներու Սպայակոյտերու Պետերուն Միջեւ 6 Ժամ Տեւողութեամբ Հանդիպում

Ամերիկեան եւ ռուսական բանակներու սպայակոյտերու պետերը չորեքշաբթի օր Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ վեց ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցած են: Ասիկա անոնց միջեւ 2019 թուականէն ի վեր առաջին ուղղակի հանդիպումն էր, մինչ երկու երկիրները կը յարմարին Աֆղանիստանէն Միացեալ Նահանգներու ուժերու հեռացման եւ Թալեպան շարժումին երկրին վերատիրացման: Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարք Միլի եւ ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Քերասիմով չբացայայտեցին...

Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Այցելած Է Ակնա

Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Այցելած Է Ակնա

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհամետ Քազեմ Սաժատփուրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Ակնայի շրջան: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ ազրպէյճանական աղբիւրը: Բացի ատկէ, Ակնա այցելած է նաեւ Իրանագիտութեան թրքական կեդրոնի տնօրէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցելութեան ծիրին մէջ հիւրերը շրջած են շրջանին մէջ եւ ծանօթացած այդտեղ տիրող իրավիճակին:

«Հայաստանի Կառավարութեան Հետ Ձեռք-Ձեռքի Տուած Պիտի Աշխատինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Եւ Այլ Շրջանային Ձեւաչափերով` Խթանելու Համար Տագնապին Լուծումը»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Հայաստանի Կառավարութեան Հետ Ձեռք-Ձեռքի Տուած Պիտի Աշխատինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Եւ Այլ Շրջանային Ձեւաչափերով` Խթանելու Համար Տագնապին Լուծումը» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն միջոցներ գործադրել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ: «Սփութնիք Արմենիա», յղում կատարելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմատետրեան էջին, կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յղած իր ուղերձին մէջ ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: «Վերջին տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը մարտահրաւէրներու բախեցաւ, ներառեալ եղան մարդկային ողբերգական կորուստներ`...

«Ֆրանսան Պիտի Աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Հովանիին Տակ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան Վերսկսման»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ֆրանսան Պիտի Աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Հովանիին Տակ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան Վերսկսման» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսան ջանք պիտի չխնայէ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին տեւական լուծում եւ յանգելու Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կայունացման` ի նպաստ շրջանի զարգացման եւ բարգաւաճման: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի անկախութեան տօնի առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին յղած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Ֆրանսան կը փափաքի շրջանին...

Page 315 of 883 1 … 314 315 316 … 883

Արխիւներ