Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Զինուորական Ուժեր Ու Սպառազինութիւն Կը Կուտակէ Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ

September 21, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի զինեալ ուժերը զգալի թիւով զինուորներ ու սպառազինութիւն կը տեղափոխեն Ազրպէյճանի հետ սահման, ուր լայնածաւալ ռազմափորձեր նախատեսուած են Արաքս գետի հովիտին մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը գրէ, որ այս մասին կը գրէ «Ռազմական մեկնաբան» թելեկրամեան ալիքը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտարարած էր, որ Իրան իր տարածքին մէջ զինեալներուն կը սորվեցնէ անօդաչու թռչող սարքեր կառավարել ու խոցող զինուորական սարքերէն օգտուիլ:

Նախարարին համաձայն, այդ ուսումնական հաստատութիւններուն հիմնական մասը տեղակայուած են Քաշենի օդակայանի տարածքին մէջ: Ըստ անոր, այստեղ կը վերապատրաստուին Եմէնէն, Սուրիայէն, Իրաքէն ու Լիպիայէն զինեալներ:

Իրանցի Հոգեւորականը Յեղափոխական Պահակագունդին Կոչ Ուղղած Է` Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանին Ուժ Ցուցադրելու

Իրանի Արտեպիլ քաղաքի իմամ այաթոլլա սէյիտ Հասան Ամելի խիստ քննադատութեան ենթարկած է Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Ըստ անոր, Յեղափոխական պահակագունդը պէտք է իր ուժը ցուցադրէ դրացի պետութիւններուն` Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ:

«Իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի իր տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու եւ իրաւունք ունի անոնց մասնակցելու համար այլ պետութիւններ հրաւիրելու: Սակայն այստեղ կայ նրբութիւն մը, որ մենք չենք կրնար անտեսել: Այս նրբութիւնը առնչուած է թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին հետ, որ կ՛արտացոլէ Թուրքիոյ կարծիքը` նոյնիսկ այս երկրի ղեկավարին կարծիքը:

«Այս թերթը տպագրած է ազրպէյճանցի երեսփոխանի մը հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ վերջինս ըսած է, թէ Իրանը կ՛անհետանայ աշխարհի քարտէսէն: Եւ եթէ այժմ ո՛չ միայն Ազրպէյճանը, այլ նաեւ Թուրքիան չեն ուզեր բարի դրացիական յարաբերութիւններ, ապա ես Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն կը խնդրեմ Յեղափոխական պահակագունդին արտօնել սահմանի այս կողմին մէջ ցոյց տալ Իրանի հզօրութիւնը», կոչ ուղղած է Ամելին` ակնարկելով, որ իրանեան զինեալ ուժերը ռազմափորձեր պիտի կատարեն` ուժի ցուցադրութեան համար:

«Անհրաժեշտ է, որ Յեղափոխական պահակագունդը ցոյց տայ, որ անոնք պէտք չէ խաղան առիւծի պոչին հետ», ըսած է այաթոլլան:

«Եթէ դուք` ազրպէյճանցիներդ, կ՛ուզէք Իսրայէլէն գումար առնել, գացէ՛ք, առէ՛ք, թող Աստուած ընդունի: Ես գիտեմ, որ Իսրայէլի դեսպանը կը լսէ խօսքերս, ես կ՛ուզեմ անոր ըսել, որ ան պէտք է անոնց լաւ գումար վճարէ: Որովհետեւ անոնք ձեզի ծախած են իրենց արժանապատուութիւնը, պատիւը, ազատութիւնը եւ արմատները: Հոգ տարէք անոնց, անոնք` ազրպէյճանցիները, աղքատ են», եզրափակած է Ամելի:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Անկախութեան Հռչակագիրին Ճշդած Սահմանները (Անկախութեան Վերականգնման 30-Ամեակի Առիթով)

Յաջորդը

«Ազրպէյճանը Մեզի Համար Ոչ Միայն Դրացի Է, Այլեւ Մենք Ռազմավարական Գործընկերներ Ենք» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.