Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Արապ» Օրաթերթին. Սէուտական Արաբիան Ամերիկեան Համակարգերու Հեռացումէն Ետք Մտադիր Է Ռուսական «Էս-400» Համակարգեր Գնել

September 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Սէուտական Արաբիայէն դուրս բերած են իրենց ԹՀԱԱՏ եւ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, որմէ ետք արաբական երկիրը հետաքրքրուած է ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով: Այս մասին կը հաղորդէ Բրիտանիոյ մէջ հրատարակուող «Արապ» օրաթերթը:

Միացեալ Նահանգներ որոշած են Սէուտական Արաբիայէն հեռացնել իրենց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը` բացատրելով, որ անոնց թիւը սահմանափակ է, եւ անոնց աւելի կարիք ունին այլ տարածաշրջաններու մէջ, մասնաւորաբար` Չինաստանի դիմակայման համար:

«Այս մօտեցումը, սակայն, բոլորովին չի գոհացներ Ռիատը, որ մշտապէս կ՛ենթարկուի հուսիներու օդային յարձակումներուն», կը գրէ օրաթերթը:

Ներկայիս Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղակայուած են Յունաստանի զինեալ ուժերու 11-րդ մարտական թեւի «Փաթրիոթ» համակարգերը, սակայն ատիկա ժամանակաւոր լուծում է: Ուստի Ռիատ կը մտածէ ամերիկեան հակահրթիռային եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու այլընտրանքի մասին, որ կրնայ ապահովել պետութեան անվտանգութիւնը:

Օրաթերթը, յղում կատարելով Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան աղբիւրներուն, կը գրէ, որ Ռիատ մտադիր է դիմել Ռուսիոյ` «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու համար:

«Սէուտական Արաբիան Ռուսիոյ պիտի դիմէ` իբրեւ ԹՀԱԱՏ եւ «Փաթրիոթ» հրթիռային համակարգերը բարելաւուած «Էս-400» համակարգով փոխարինելու միակ տրամաբանական այլընտրանք», կը գրէ օրաթերթը:

Ռիատ միեւնոյն ժամանակ լրջօրէն յոյս ունի, որ «Էս-400»¬ի գնման վերաբերեալ գործարքը պիտի չյանգեցնէ ճգնաժամի: «Միացեալ Նահանգներ չափազանց շատ լաւ կը գնահատէ յարաբերութիւնները Սէուտական Արաբիոյ հետ, որ հսկայական գումարներ կը ծախսէ ամերիկեան զէնքի վրայ», կը նշեն փորձագէտները:

Բացի ատկէ, թագաւորութեան մէջ ընդունուած է սեփական շահերը միւսներէն վեր դասել:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ Ամերիկեան Դիւանագիտական Աղբիւրներուն. Փութինի Եւ Պայտընի Երկրորդ Հանդիպումը Կրնայ Տեղի Ունենալ Հոկտեմբերին

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ը Յայտարարած Է Զինուորական Ոլորտին Մէջ Միացեալ Պիւտճէի Մասին

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.