Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրները յայտարարած են միացեալ պիւտճէի մասին` զինուորական ոլորտին մէջ գիտահետազօտական եւ փորձառական մշակումներու կատարման համար: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսով:
Ան ընդգծած է, որ ասիկա նոր նախաձեռնութիւն է:
«Մենք պարզ բանաւոր համակարգումէն անցում կը կատարենք աւելի լուրջ համարկում», յայտարարած է Պորիսով:



