Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճոնսըն Կը Ջանայ Ֆրանս-Բրիտանական Յարաբերութիւններուն Մէջ Յառաջացած Լարուածութեան Հարցը Լուծել

September 21, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ կը ջանայ աւստրալիական բանակին հետ ստորագրուած ֆրանսական սուզանաւերու գործարքի ջնջումին պատճառով Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած լարուածութեան հարցը լուծել:

Ճոնսըն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք ուղղուելուն ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց. «Մենք շատ հպարտ ենք Ֆրանսայի հետ մեր յարաբերութիւններով: Ֆրանսայի նկատմամբ մեր սէրը անպարտելի է»:

Ան նշեց, որ Բրիտանիան ու Ֆրանսան Մալիի եւ Պալթեան երկիրներուն մէջ միացեալ զինուորական գործողութիւններ կը կատարեն, ինչպէս նաեւ կը մասնակցինք հիւլէական կեղծ փորձերու ծրագիրին:

Նշենք, որ Ֆրանսան ստեղծուած տագնապին պատճառով ջնջեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարի` իր բրիտանացի պաշտօնակիցին հետ այս շաբաթ նախատեսուած ժողովը:

Յիշեցնենք, որ Աւստրալիան, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները 15 սեպտեմբերին յայտարարած էին անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր գործընկերութիւն ստեղծելու` ԱՈՒՔՈՒՍ-ի մասին:

Համաձայնագիրի ծիրին մէջ Աւստրալիան մտադիր է ամերիկեան ճարտարագիտութիւններու օգնութեամբ կառուցել առնուազն 8 բրիտանական հիւլէական սուզանաւեր: Աւստրալիան այս նպատակով խզեց պատմութեան ընթացքին մեծագոյն պաշտպանական համաձայնագիրը, որ կնքած էր Ֆրանսայի հետ: Ֆրանսական կողմը այդ քայլը կոչած էր «թիկունքէն հարուած» եւ տուն կանչած Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ իր դեսպանները, իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան Բրիտանիան ամբաստանեց «մնայուն պատեհապաշտութեան» յանցանքով:

Նախորդը

«Ազրպէյճանը Մեզի Համար Ոչ Միայն Դրացի Է, Այլեւ Մենք Ռազմավարական Գործընկերներ Ենք» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

Յաջորդը

Քապուլի Միջազգային Օդակայանը Վերսկսած Է Իր Աշխատանքին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.