Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանը երէկ պաշտօնապէս վերսկսած է աշխատանքի` ներքին ու միջազգային թռիչքներու համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութեան թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակուած գրառման մէջ:
Աֆղանիստանի քաղաքային թռիչքներու վարչութեան որոշումով` օդակայանը պիտի աշխատի առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Քաղաքային թռիչքները դադրեցուած էին 15 օգոստոսին, երբ թալեպանները մուտք գործեցին մայրաքաղաք:
Օգոստոսի վերջաւորութեան Քաթարէն եւ Թուրքիայէն Աֆղանիստան եկած մասնագէտները կ՛օգնեն լուծելու օդակայանի աշխատանքին հետ առնչուած թեքնիք խնդիրները: