ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մարկարեթա Սետերֆելտ անհրաժեշտ կը նկատէ աւելին ընել Արցախի մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ան այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին ժամանակ:
Ան ընդգծած է, որ թէեւ Արցախի մէջ զինադադարի դրութիւն է, սակայն պէտք է աւելի շատ քայլերու ձեռնարկել` երաշխաւորելու համար տեւական խաղաղութիւնը եւ թեթեւցնելու համար քաղաքայիններու տառապանքները:
«Յենելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խորհրդարաններուն հետ մեր յաջող համագործակցութեան վրայ` ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը կը շարունակէ պատրաստ ըլլալ նպաստելու միջխորհրդարանական երկխօսութեան` աջակցելու համար խաղաղութեան հոլովոյթին», ըսած է ան:



