Իրանի Բանակի Հրամանատարը Շրջանի Երկիրներուն Խորհուրդ Կու Տայ «Ձեռք-Ձեռքի Տալ` Հաւաքական Համագործակցութեան Միջոցով Ապահովելու Շրջանային Անվտանգութիւնը»
Իրանի բանակի հրամանատար զօր. Ապտոլրահիմ Մուսաւի վերահաստատած է, որ իր երկրին զինուորական հզօրութիւնը բացառապէս պաշտպանութեան համար է, սակայն զգուշացուցած է, որ Իրանի շահերուն ուղղուած որեւէ սպառնալիքի պատասխանը պիտի չսահմանափակուի միայն երկրի սահմաններով: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: Երեքշաբթի օր լայնածաւալ ռազմափորձերու աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին բանակի հրամանատարը դրացի պետութիւններուն վստահեցուցած է, որ Իրան երբեք հաւանութիւն չի...




















