Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

10 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

November 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան երէկ կէսօրին էմիրաթական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս: Այդպիսով ան դարձաւ 10 տարուան ընթացքին առաջին բարձրաստիճան էմիրաթցի պաշտօնատարը, որ Սուրիոյ մէջ տագնապին սկիզբէն ի վեր կ՛այցելէ Սուրիա: Այս մասին հաղորդեցին արաբական լրատուամիջոցներ:

Դամասկոսի օդակայանին մէջ զինք դիմաւորեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ:

Սուրիական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին յանձնած է Արաբական Միացեալ Նահանգներու նախագահ ու Ապու Տապիի գահաժառանգ Խալիֆա պըն Զայետ Ալ Նահիանի կողմէ նամակ մը:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը Ասատի հետ քննարկեց Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձի թղթածրարը», նշեցին աղբիւրները:

Նշենք, որ Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թապուն յայտարարած էր, որ իր երկիրը մարտ 2022-ին պիտի հիւրընկալէ արաբական յաջորդ վեհաժողովը, որ պիտի վերարծարծէ Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ 10 տարիէ ի վեր թափուր մնացած աթոռին հարցը: Արաբական լիկան նոյեմբեր 2011-ին որոշած էր սառեցնել Արաբական լիկային Սուրիոյ անդամակցութիւնը: Ալճերիան օրին վերապահութիւն յայտնած էր այդ որոշումին նկատմամբ:

Սեպտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան նախարար, Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետ իշխանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն:

Էմիրաթական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ապու Տապիի գահաժառանգն ու Սուրիոյ նախագահը քննարկած են «երկու քոյր երկիրներու յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ յանուն փոխադարձ շահի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները»:

27 մարտ 2020-ին տեղի ունեցած էր 2011-ին Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր անոնց միջեւ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած էին «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքները:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները դեկտեմբեր 2018-ին վերաբացաւ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը, որ փակած էր 2012-ին:

Յորդանանեան «Ամուն» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը Դամասկոսէն ետք պիտի այցելէ Ամման, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ:

 

Նախորդը

Աքար. «Թուրքիան Միշտ Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Խնդիրները Լուծելու Համար Իր Կարելիութիւնները Զօրակոչի Ենթարկելու»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.