9 նոյեմբերին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման պիտի ներկայացուի Արցախի մօտ ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնին մէջ թուրք զինուորականներու լիազօրութիւնը յաւելեալ 1 տարիով երկարաձգելու մասին օրէնքի նախագիծը:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թրքական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ օրէնքի նախագիծը նախաձեռնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Արցախի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի հիմնական նպատակն է վերահսկել Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան կէտերու եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման:



