Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Բանակի Հրամանատարը Շրջանի Երկիրներուն Խորհուրդ Կու Տայ «Ձեռք-Ձեռքի Տալ` Հաւաքական Համագործակցութեան Միջոցով Ապահովելու Շրջանային Անվտանգութիւնը»

November 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի բանակի հրամանատար զօր. Ապտոլրահիմ Մուսաւի վերահաստատած է, որ իր երկրին զինուորական հզօրութիւնը բացառապէս պաշտպանութեան համար է, սակայն զգուշացուցած է, որ Իրանի շահերուն ուղղուած որեւէ սպառնալիքի պատասխանը պիտի չսահմանափակուի միայն երկրի սահմաններով: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:

Երեքշաբթի օր լայնածաւալ ռազմափորձերու աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին բանակի հրամանատարը  դրացի պետութիւններուն վստահեցուցած է, որ Իրան երբեք հաւանութիւն չի տար նախայարձակումին եւ ներխուժման, որովհետեւ անոր զինուորական ուժն ու ռազմափորձերը կոչուած են պաշտպանելու իր տարածքն ու ձգտումները:

«Եթէ անոնք (թշնամիները) կը սպառնան մեր շահերուն, մենք պիտի սպառնանք անոնց շահերուն, հոն ուր անհրաժեշտ ըլլայ: Բայց եւ այնպէս, մենք կ՛ապահովենք շրջանային պետութիւններուն եւ մեր եղբայրներուն անվտանգութիւնը եւ պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր ազգը», ընդգծած է զինուորականը:

Դատապարտելով շրջանային դաշինք ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի փորձերը` զօր. Մուսաւի ըսած է, որ այդ երկիրները իրենք են ահաբեկչութեան եւ անապահովութեան աղբիւրները, որոնք կը խաթարեն անվտանգութիւնը, ուր որ ալ անոնք ներկայ եղած են:

Ան բացատրած է, որ նման դաշինք պիտի չստեղծուի, որովհետեւ այդ երկիրներու ծրագիրները, գործունէութիւնն ու նպատակները անհամատեղելի են:

«Իրանը այս տարիներուն ընթացքին ապացուցած է, որ կրնայ եռանդուն կերպով շրջանային անվտանգութեան հաստատման առանցքը ըլլալ», ըսած է հրամանատարը` շրջանի երկիրներուն խորհուրդ տալով ձեռք-ձեռքի տալ` հաւաքական համագործակցութեան միջոցով ապահովելու համար շրջանային անվտանգութիւնը:

 

Նախորդը

Մուսուլի Արեւելքը Գտնուող Թրքական «Զլիքան» Ռազմակայանը Հրթիռակոծուած Է

Յաջորդը

«Իրաքի Վարչապետին Դէմ Մահափորձին Համար Ոչ Մէկ Կողմ Կ՛ամբաստանենք» Կ՛ըսէ Փենթակոն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.