Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, որ կը գտնուի Ազրպէյճան, երէկ հանդիպում ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Զաքիր Հասանովի հետ, ապա երկու նախարարները ունեցած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
Թուրք նախարարը խօսած է երկու երկիրներու պատմական ընդհանրութեան մասին` ընդգծելով, որ իրենց եղբայրութիւնը անխախտելի եւ յաւերժ է: Աքար նշած է, որ Թուրքիան միշտ պատրաստ է Ազրպէյճանի խնդիրները լուծելու համար իր կարելիութիւնները զօրակոչի ենթարկելու:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին անդրադառնալով միացեալ ռազմափորձերուն շեշտած է, որ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները պիտի շարունակուին: