Իսրայէլ ուժեղացուցած է իր հակազդեցութիւնը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին կողմէ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներուն համար ամերիկեան հիւպատոսութիւնը վերաբանալու ծրագիրին դէմ` առաջարկելով, որ նման առաքելութիւնը պէտք է բացուի Այսրյորդանանի մէջ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթը եւ արտաքին գործոց նախարար Եայիր լափիտը բողոքած են պաղեստինցիներուն սպասարկելու համար Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան հիւպատոսութեան բացման դէմ:
«Երուսաղէմի մէջ տեղ չկայ ամերիկեան հիւպատոսութեան համար, որ կը սպասարկէ պաղեստինցիներուն: Երուսաղէմը Իսրայէլի պետութեան միակ մայրաքաղաքն է», ըսած է Պենեթ` Լափիտի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Լափիտ իր կարգին ըսած է. «Եթէ ամերիկացիները կ՛ուզեն Ռամալլայի մէջ հիւպատոսարան բանալ, մենք ատոր հետ ոչ մէկ խնդիր ունինք… Երուսաղէմի մէջ գերիշխանութիւնը կը պատկանի միայն մէկ երկրի` Իսրայէլի պետութեան»: Ան Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է իրենց կեցուածքներն ու որոշումները «հիւպատոսարանը վերաբանալով» գործադրելու:
Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ դատապարտեց Պենեթի յայտարարութիւնը եւ զայն նկատեց «լկտի մարտահրաւէր»:
Պաղեստինցիներուն հետ կապերը շտկելու ձգտող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յայտարարած է, որ պիտի վերաբանայ հիւպատոսութիւնը, թէեւ թուական չէ նշած:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա յայտարարեց. «Մենք Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւնը միայն Երուսաղէմի մէջ` Պաղեստինի պետութեան մայրաքաղաքին մէջ պիտի ընդունինք: Ատիկա այն է, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը յայտարարած էր եւ պարտաւոր է ընել»:



