Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Նախագահը Չի Պատրաստուիր Այլեւս Սահակաշվիլիին Ներում Շնորհելու Հարցը Քննարկելու

November 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի յայտարարած է, որ երբեք ներում պիտի չշնորհէ երկրի նախկին ղեկավար Միխայիլ Սահակաշվիլիին եւ այլեւս չի պատրաստուիր այդ հարցը քննարկելու: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Նախկին նախագահին ներում շնորհելու վերաբերեալ դիրքորոշումս յստակ է եւ անփոփոխ. ոչ եւ երբեք… ես երբեք պիտի չվերադառնամ այս հարցին», ըսած է ան` ժողովուրդին ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձին մէջ:

Զուրապիշվիլի նաեւ ընդգծած է, որ Սահակաշվիլին քաղաքական բանտարկեալ չի նկատեր:

«Նախկին նախագահը ո՛չ քաղաքական բանտարկեալի, ո՛չ անմեղ զոհի չափանիշներուն կը համապատասխանէ, ան երկիր այցելած է ինքնակամ եւ ապօրինի: Անոր այցելած նպատակը ապակայունացումն էր», ըսած է Վրաստանի պետութեան ղեկավարը:

Ան միեւնոյն ժամանակ արդարադատութեան նախարարութեան կոչ ուղղած է Սահակաշվիլին նկատել «յատուկ բանտարկեալ» եւ հոգ տանելու անոր առողջութեան, որպէսզի անոր վիճակի վատթարացումը շահարկումներու եւ երկրին մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու փորձերու պատճառ չդառնայ:

Սահակաշվիլին 1 հոկտեմբերին ձերբակալուած է Վրաստանի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, Վրաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Նինօ Լոմճարիան յայտարարած էր, որ ձերբակալուելէ ետք ան  հացադուլի սկսած է, որովհետեւ համաձայն չէ առաջադրուած մեղադրանքներուն եւ ինքզինք քաղաքական բանտարկեալ կը նկատէ:

Սահակաշվիլի Վրաստանի մէջ ներառուած է քանի մը քրէական գործերու մէջ: Նախկին նախագահը հեռակայ դատապարտուած է դրամատնային մարզի գործիչ Սանտրօ Կիրկվլիանիի սպանութեան եւ երեսփոխան Վալերի Կելաշվիլիի ծեծի համար: Առաջին պարագային ան դատապարտուած է երեք տարուան բանտարկութեան, երկրորդին պարագային` վեց տարուան:

Բացի ատկէ, Սահակաշվիլին ներառուած է 7 նոյեմբեր 2007-ին ընդդիմութեան հանրահաւաքը ցրուելու, «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանի ջարդի եւ պետական պիւտճէէն գումարներու իւրացման գործերուն մէջ: Այդ հարցերը տակաւին կը քննարկուին դատարանին կողմէ:

 

Նախորդը

Պայտըն Չինաստանի Հետ Իր Երկրի Յարաբերութիւնները «Մրցակցութիւն» Որակած Է

Յաջորդը

Բրիտանիան Ու Ֆրանսան Ձախողեցան Ձկնորսութեան Շուրջ Տարակարծութիւնը Լուծել Եւ Որոշեցին Երկխօսութիւնը Շարունակել

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.