Միջազգային

Աւստրալիոյ Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը  Քանպերան Կ՛ամբաստանէ Սուզանաւերու Գործարքին  Վերաբերեալ «Խաբէութեան» Յանցանքով

Աւստրալիոյ Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Քանպերան Կ՛ամբաստանէ Սուզանաւերու Գործարքին Վերաբերեալ «Խաբէութեան» Յանցանքով

Աւստրալիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Փիեռ Թիպօ յայտնեց, որ Քանպերան խաբեբայութեամբ վարուեցաւ, երբ յանկարծ չեղեալ նկատեց հիւլէական ուժով բանող սուզանաւերու տորմիղ կառուցելու համար Փարիզի հետ իր կնքած միլիառաւոր տոլարնոց համաձայնութիւնը: «Խաբէութիւնը դիտաւորեալ էր: Եւ այժմ հարցը սուզանաւեր ապահովելէն աւելին է, որովհետեւ գերիշխանութեան վերաբերեալ միացեալ համաձայնութիւն էր, որ շատ գաղտնի տուեալներու փոխանցում կը ներառէր, ուստի ատոր վերաբերեալ վարմունքը թիկունքէն դաշոյնի հարուած...

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Նպաստէ Շրջանի  Բոլոր Երկիրներուն Միջեւ Կապերու Ընդլայնման`  Անկախ Անկէ, Թէ Իրանը Ի՛նչ Դիրքորոշում Ունի»  Պաքուի Մէջ Կը Յայտարարէ Եըլտըրըմ

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Նպաստէ Շրջանի Բոլոր Երկիրներուն Միջեւ Կապերու Ընդլայնման` Անկախ Անկէ, Թէ Իրանը Ի՛նչ Դիրքորոշում Ունի» Պաքուի Մէջ Կը Յայտարարէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ, երեսփոխան Պինալի Եըլտըրըմ Պաքուի 8-րդ համաշխարհային խորհրդաժողովի` «Աշխարհը «Քորոնա»-էն ետք» հաւաքի ծիրին մէջ յայտարարած է, որ աշխատանքներ կը տարուին «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ»-ը: «Եըլտըրըմի համաձայն, միջանցքի բացումը պիտի նպաստէ շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ կապերու ընդլայնման` անկախ անկէ, թէ Իրանը ի՛նչ դիրքորոշում ունի», կ՛աւելցնէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: «Իրանը...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսացի  Համանախագահը Փոխուած Է

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսացի Համանախագահը Փոխուած Է

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը փոխուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի կառավարութեան կայքը: Սթեֆան Վիսքոնթիի փոխարէն նշանակուած է Պրիս Ռոքֆէօյը: Ռոքֆէօյ մինչեւ իր նշանակումը վարած է Ֆրանսայի դեսպանի պաշտօնը Փանամայի եւ Ուզպեքիստանի մէջ, եղած է Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ: 2000-ականներուն ան քաղաքական խորհրդական էր Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն մէջ: Յայտնենք, որ Ռուսիան եւս այս տարի յուլիսին...

Իրան 29 Նոյեմբերին Պիտի Վերադառնայ Վիեննայի Մէջ Հիւլէական Գործարքին  Շուրջ Բանակցութիւններուն

Իրան 29 Նոյեմբերին Պիտի Վերադառնայ Վիեննայի Մէջ Հիւլէական Գործարքին Շուրջ Բանակցութիւններուն

Իրանեան կողմը 29 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ պիտի վերսկսի իրանեան հիւլէական գործարքին վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի (ԳՄՀԾ) շուրջ բանակցութիւններուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին 3 նոյեմբերին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաքերի-Քանին: «Էնրիքէ Մորայի (ԳՄՀԾ-ի շուրջ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ համակարգող) հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մենք համաձայնած ենք 29 նոյեմբերին վերսկսելու Վիեննայի մէջ բանակցութիւններուն», «Թուիթըր»-ի...

Էմիրաթական Օդանաւային Ընկերութիւնը  6 Դեկտեմբերէն Սկսեալ Դէպի Թել Աւիւ  Առօրեայ Թռիչքներու Պիտի Սկսի

Էմիրաթական Օդանաւային Ընկերութիւնը 6 Դեկտեմբերէն Սկսեալ Դէպի Թել Աւիւ Առօրեայ Թռիչքներու Պիտի Սկսի

Էմիրաթական օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ 6 դեկտեմբերին Տուպայի եւ Թել Աւիւի միջեւ առօրեայ ուղղակի թռիչքներու պիտի սկսի: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Նշենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Նաֆթալի Պենեթ 30 յունիսին Տուպայի մէջ բացումը կատարած էր իր երկրի հիւպատոսարանին` նշելով, որ «կեանքի, զբօսաշրջութեան երկու տաղանդաւոր ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան վայր մը պիտի ըլլայ»: Իսրայէլ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները սեպտեմբեր...

Թուրքիան «Էս-400»-ները Տեղակայած Է  Ինճիրլիքի Ռազմակայանի Տարածքին Մէջ

Թուրքիան «Էս-400»-ները Տեղակայած Է Ինճիրլիքի Ռազմակայանի Տարածքին Մէջ

Թուրքիան ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան մարտկոցներ տեղակայած է Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ, որմէ կ՛օգտուին նաեւ Միացեալ Նահանգներու օդուժը եւ ՕԹԱՆ-ի երկիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն` յղում կատարելով Փենթակոնի ներկայացուցիչին: Նախապէս թրքական լրատուամիջոցները արդէն կ՛ենթադրէին, որ մարտկոցները կրնան Ինճիրլիքի մէջ տեղակայուիլ` իբրեւ փոխզիջումնային տարբերակ, որպէսզի թէ՛ Ուաշինկթընը, թէ՛ Անգարան կարենան լուծել տարակարծութիւնները: Այսպէս, «Էս-400»-ները միշտ պիտի գտնուին Միացեալ Նահանգներու...

Սուրիոյ Նուիրուած Բանակցութիւններու  Հերթական Փուլը Տեղի Պիտի Ունենայ  Նուր Սուլթանի Մէջ

Սուրիոյ Նուիրուած Բանակցութիւններու Հերթական Փուլը Տեղի Պիտի Ունենայ Նուր Սուլթանի Մէջ

Սուրիոյ նուիրուած բանակցութիւններու նոր փուլը դեկտեմբերի կէսերուն տեղի պիտի ունենայ Նուր Սուլթանի մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ղազախստանի վարչապետի տեղակալ-արտաքին գործոց նախարար Մուխթար Թլէուպերտին: «Ստացուած է երաշխաւոր երկիրներու (Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) դիմումը` խնդրելով կազմակերպել Ասթանայի հոլովոյթի նոր բանակցութիւնները. ստոյգ թուականները մենք պիտի քննարկենք. մօտաւորապէս դեկտեմբերի կէսերուն», լրագրողներուն երէկ ըսած է Թլէուպերտին: Անոր համաձայն, երաշխաւոր երկիրները պիտի...

Դամասկոսի Գիւղական Շրջանին Մէջ  Դիրքի Մը Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Գիւղական Շրջանին Մէջ Դիրքի Մը Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ արշալոյսին իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է Դամասկոսի գիւղական շրջանի Զայքիա գիւղին մէջ գտնուող դիրքի մը վրայ: Արձանագրուած են նիւթական վնասներ: Գրաւեալ Պաղեստինի հիւսիսային շրջանէն կատարուած յարձակումը տեղի ունեցած է առաւօտեան շուրջ ժամը 3:58-ին: Սուրիոյ կառավարութիւնը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ իր օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են բռնագրաւեալ Կոլանի կողմէ Դամասկոսի գիւղական շրջանին...

Միացեալ Նահանգները Օմանի Ծոցին Մէջ  Յարձակած Են Քարիւղատարի Վրայ` Փորձելով Գողնալ  Իրանեան Քարիւղը. Թեհրանը Խոստացած Է  Հրապարակել Կատարուածին Տեսագրութիւնը

Միացեալ Նահանգները Օմանի Ծոցին Մէջ Յարձակած Են Քարիւղատարի Վրայ` Փորձելով Գողնալ Իրանեան Քարիւղը. Թեհրանը Խոստացած Է Հրապարակել Կատարուածին Տեսագրութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Օմանի ծոցին մէջ փորձած են յարձակիլ իրանեան քարիւղատարի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Ամերիկացի զինուորները Ծոցի տարածքին մէջ փորձած են գրաւել նաւը, սակայն Իրանի ծովուժը արգելք հանդիսացած է: Թեհրան կատարուածը կոչած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանեան քարիւղը գողնալու փորձ: Միջադէպէն ետք քարիւղատար նաւը ստիպուած եղած է վերադառնալ Իրանի տարածքային ջուրեր: Գործակալութիւնը կը մանրամասնէ, որ...

Թուրքիոյ Մէջ Ազգայնականները Պարկեր  Անցուցած Են Ամերիկացի  Զինուորներու Գլուխներուն

Թուրքիոյ Մէջ Ազգայնականները Պարկեր Անցուցած Են Ամերիկացի Զինուորներու Գլուխներուն

Թուրքիոյ ազգայնական երիտասարդական միութիւնը յայտարարած է, որ իր անդամները Պոլսոյ Սարայպուրնու շրջանին մէջ պարկեր անցուցած են ամերիկացի զինուորներու գլխուն: «Տուվարինկլիշ» կայքը կը գրէ, որ կ՛ենթադրուի, որ այդ զինուորները Միացեալ Նահանգներու ծովուժի «Մաունթ Ուիթնի» մարտանաւի անձնակազմէն են: Ներկայիս մարտանաւը կը գտնուի Սարայպուրնու շրջանի նաւահանգիստին մէջ: Պոլսոյ մէջ երեք օր մնալէ ետք մարտանաւը պիտի ուղղուի Սեւ ծով` ռազմափորձերու համար: «Մենք պարկեր հագցուցած...

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը  Յայտնած Է, Որ Ռուսիոյ Սահմանին Վրայ  90 Հազարնոց Զօրք Տեղակայուած Է

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Յայտնած Է, Որ Ռուսիոյ Սահմանին Վրայ 90 Հազարնոց Զօրք Տեղակայուած Է

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նոյեմբերի սկիզբի դրութեամբ ուքրանական սահմաններուն մօտ եւ «ժամանակաւոր կերպով բռնագրաւուած» տարածքներուն մէջ տեղակայուած է շուրջ 90 հազար ռուս զինուոր: Այս մասին կը գրէ ուքրանական «Փրաւտա» կայքը: «Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ուշադիր կը հետեւի Ռուսիոյ հետ Ուքրանիոյ պետական սահմանին մօտ եւ Խրիմի եւ Տոնեցքի ու Լուկանսքի շրջաններու ժամանակաւոր կերպով բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ կացութեան: «Ուքրանիոյ հետախուզական գործակալութիւններուն...

«Սի. Այ. Էյ»-ի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին  Հետախուզութեան Տնօրէնները  Մոսկուայի Մէջ Ժողով Գումարած Են

«Սի. Այ. Էյ»-ի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Տնօրէնները Մոսկուայի Մէջ Ժողով Գումարած Են

Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան մարմինի տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզի հետ: Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան մարմինի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է ռուսական-ամերիկեան յարաբերութիւններու ծիրին մէջ նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան հարցերը` կեդրոնանալով միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ: Ժողովը գումարուած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ: Ասիկա տարուան սկիզբը Պըռնզի «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի պաշտօնին...

Պուլկարիան Թուրքիոյ Հետ  Սահմանին Վրայ Զօրք Կուտակած Է

Պուլկարիան Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Զօրք Կուտակած Է

Պուլկարիան 350 զինուոր տեղակայած է Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ, որպէսզի ոստիկաններուն օգնեն զսպելու համար անօրինական գաղթականներու աճող հոսքը: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին «ՊիԹի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է երկրի պաշտպանութեան նախարար Կէորկի Փանայոթով: «Զինուորները այսօր եկած են պուլկար-թրքական սահման` աջակցելու սահմանապահներուն», ըսած է նախարարը: Փանայոթով նաեւ ընդգծած է, որ սահմանին վրայ կը գտնուի 40 միաւոր սպառազինութիւն: Կը նշուի, որ...

Ռուսիան Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ  Յաւելեալ 25 Հալածիչներ Տեղակայած Է

Ռուսիան Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Յաւելեալ 25 Հալածիչներ Տեղակայած Է

Թրքական բանակի` Սուրիոյ հիւսիսը քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ նոր լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու նախապատրաստման մասին լուրերու լոյսին տակ, Ռուսիան կ՛ընդլայնէ շրջանին մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը: Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Ռուսիան Սուրիա ուղարկած է յաւելեալ քսան կործանիչ: Ռուսական աղբիւրներու հաղորդումով, Թուրքիոյ հետ սահմանէն ընդամէնը 4 քիլոմեթր հեռու գտնուող Գամիշլիի օդուժի ռազմակայան ուղարկուած են 4 «ՄիԿ-29» հալածիչ, 5 «Սու-35» հալածիչ եւ...

Քրեմլին. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Ռուս Խաղաղապահներ Պիտի Չըլլան»

Քրեմլին Կը Հերքէ Ուքրանիոյ Սահմանին Վրայ Ռուսական Ուժերու Տեղակայման Լուրերը

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ ամերիկեան օրաթերթի մը հրապարակած այն պնդումը, թէ Ռուսիան ուքրանական սահմանին վրայ զինուորական ստորաբաժանումներ ու մեքենաներ տեղակայած է, «չեղեալ է եւ արժանի չէ մեկնաբանութեան ու ժամանակի վատնումի»: «Այդ հրապարակումներուն որակը նոյնիսկ արժանի չէ մեկնաբանութեան, եւ ընդհանրապէս անոնց պէտք չէ կարեւորութիւն ընծայել», աւելցուց Փեսքով: «Դուք անձամբ տեսաք, որ խօսքը Ուքրանիոյ հետ սահմանին մասին է, սակայն (լուսանկարներ)...

Թուրքիոյ 40 Նահանգներու Մէջ Կիւլենի Հետ  Կապերու Կասկածով 100 Անձեր Ձերբակալուած Են

Թուրքիոյ 40 Նահանգներու Մէջ Կիւլենի Հետ Կապերու Կասկածով 100 Անձեր Ձերբակալուած Են

Թուրքիոյ 40 նահանգներու մէջ հարիւր մարդ ձերբակալուած է ընդդիմադիր կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ կապերու կասկածով: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Կիւլենը կը մեղադրուի յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ: «Անգարայի ընդհանուր դատախազութեան կողմէ ՖԵԹՕ-ի (Կիւլենի կազմակերպութեան, «Ա.») իմամներու նկատմամբ կատարուած հետաքննութեան ընթացքին կիսազինուորական ոստիկանութեան ընդհանուր հրամանատարութեան մէջ ձերբակալման մասին որոշումը տրուած է 40 նահանգներու մէջ 100 կասկածելիներու...

«Ուքրանիան Պէտք Է Դադրի Իր  Հաղորդագրութիւններուն Մէջ Թրքական Զէնքեր  Բառակապակցութիւնը Օգտագործելէ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ուքրանիան Պէտք Է Դադրի Իր Հաղորդագրութիւններուն Մէջ Թրքական Զէնքեր Բառակապակցութիւնը Օգտագործելէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Երբ պետութիւն մը մեզմէ կամ որեւէ այլ պետութենէ պաշտպանական որեւէ զէնք կը ստանայ, այդ զէնքը կը դադրի թրքական, ռուսական կամ ուքրանական ըլլալէ, այսինքն` մեզմէ զէնք գնելէ ետք, այդ զէնքը դադրած է թրքական ըլլալէ, հակառակ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ըլլալուն, սակայն Քիեւի կողմէ գնուելէ ետք այլեւս ուքրանական է»: Չաւուշօղլու Հռոմի մէջ Քսաններու վեհաժողովի ընթացքին յայտնեց....

Անգլիոյ Մէջ Երկու Գնացքներ  Բախած Են Փապուղիին Մէջ

Անգլիոյ Մէջ Երկու Գնացքներ Բախած Են Փապուղիին Մէջ

Անգլիոյ Սոլսպըրի քաղաքին մէջ գնացքի արկած տեղի ունեցած է. երկու գնացքներ փապուղիի մէջ իրարու բախած են, այդ պատճառով ալ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ոստիկանութեան տուեալներով` մեծ արկածին պատճառով կան վիրաւորներ, սակայն մահուան պարագաներ չեն արձանագրուած: Վիրաւորները, ներառեալ վարորդը, փոխադրուած են հիւանդանոց: Արտակարգ ծառայութիւններու օգնութեամբ շուրջ 100 մարդ հեռացուած է դէպքի վայրէն:

«Վրաստանը «Վեցեակի Հարթակ» Ստեղծելու Հարցին  Նկատմամբ Բացասական Տրամադրութիւն Ունի»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Վրաստանը «Վեցեակի Հարթակ» Ստեղծելու Հարցին Նկատմամբ Բացասական Տրամադրութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Վրաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ «Վեցեակի հարթակ» ստեղծելու հարցին նկատմամբ բացասական տրամադրութիւն ունի, սակայն նախագիծի իրականացման պարագային շրջանը կրնայ վերածուիլ խաղաղութեան հարթակի: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Ազրպէյճան, Թուրքիա, Ռուսիա, Իրան, Վրաստան եւ Հայաստան, եկէ՛ք միասին քայլերու ձեռնարկենք եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատենք: Այդ առիթով պարոն Իլհամ Ալիեւը արդէն իսկ խաղաղութեան...

Էրտողանն Ու Մաքրոնը Քննարկած Են Հարաւային  Կովկասի Մէջ «3+3» Ձեւաչափի Ստեղծումը

Էրտողանն Ու Մաքրոնը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ «3+3» Ձեւաչափի Ստեղծումը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ «Վեցեակի հարթակ»-ի գաղափարը: «Մաքրոն արծարծած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան հարցը: Մենք ըսած ենք, որ անցեալ շաբաթ եղած ենք Ազրպէյճանի մէջ, եւ ներկայիս Հարաւային Կովկասի մէջ դրական քայլեր կը ձեռնարկուին, եւ մեր եղբայր Իլհամ Ալիեւը վճռականօրէն կ՛ուզէ շարունակել այդ դրական...

Page 303 of 883 1 … 302 303 304 … 883

Արխիւներ