Միջազգային

Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութենէն Յայտնած Են «Օմիքրոն»  Տարբերակի Առաւել Նուազ Վտանգաւորութեան Մասին

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութենէն Յայտնած Են «Օմիքրոն» Տարբերակի Առաւել Նուազ Վտանգաւորութեան Մասին

«Քորոնա» ժահրի նոր «Օմիքրոն» տարբերակը նուազ վտանգ կը ներկայացնէ, քան նախորդ տեսակները: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի ղեկավար Մայք Ռայան: Վերջինս ընդգծած է, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումը արդիւնաւէտութիւն կը դրսեւորէ ներկայիս յայտնի բոլոր տարբերակներուն դէմ: «Նախնական տուեալները չեն վկայեր, որ անիկա կ՛ուղեկցուի հիւանդութեան ծանր ընթացքով: Իրականութեան մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, հակառակն...

Պայտըն-Փութին Զրոյցէն Ետք.  «Զինուորական Մագլցումի Պարագային  Միացեալ Նահանգներն Ու Անոնց Դաշնակիցները  Պիտի Պատասխանեն Ուժեղ Տնտեսական  Եւ Այլ Քայլերով»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Պայտըն-Փութին Զրոյցէն Ետք. «Զինուորական Մագլցումի Պարագային Միացեալ Նահանգներն Ու Անոնց Դաշնակիցները Պիտի Պատասխանեն Ուժեղ Տնտեսական Եւ Այլ Քայլերով» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներու տեսավեհաժողովի աւարտէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ղեկավարները քննարկած են Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա օրակարգի շարք մը հարցեր: «Նախագահ Պայտըն բարձրացուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ մեր եւրոպացի դաշնակիցներու խոր մտահոգութիւնը Ուքրանիոյ շուրջ Ռուսիոյ կողմէ ուժերու մագլցումին վերաբերեալ եւ յստակացուցած, որ զինուորական մագլցումի պարագային Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները պիտի պատասխանեն ուժեղ տնտեսական...

Լը Տրիան Եւ Քանի Կը Հաստատեն, Որ Իրանի Հետ  Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ  Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին Վաղը

Լը Տրիան Եւ Քանի Կը Հաստատեն, Որ Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին Վաղը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ յայտնեց, թէ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարի բանակցութիւնները պիտի վերսկսին վաղը` հինգշաբթի, 9 դեկտեմբերին: Լը Տրիան աւելցուց, որ բանակցութեանց վերսկսման ազդանշանները «քաջալերական չեն», եւ «Ռոյթըրզ»-ին վերագրելով իր տեղեկութիւնները դիտել տուաւ, թէ «իրանցիք կը նախընտրեն, որ բանակցութիւնները շարունակուին ու որքան որ անոնք երկարին, այնքան անոնք (իրանցիք) կը փորձեն խուսափիլ իրենց յանձնառութիւններէն: Ֆրանսացի դիւանագէտը...

Ռիատ. «Խաշոքճիի Սպանութեան Հարցով  Ձերբակալուած Անձը Մեղսակից Չէ Այդ Դէպքին»

Ռիատ. «Խաշոքճիի Սպանութեան Հարցով Ձերբակալուած Անձը Մեղսակից Չէ Այդ Դէպքին»

Սէուտական պատկան իշխանութիւններ հերքեցին, թէ Ֆրանսայի մէջ Խաշոքճիի սպանութեան հարցով  ձերբակալուած անձը մեղսակից է այդ դէպքին, եւ պահանջեցին անմիջապէս ազատ արձակել արգելափակեալը: Նշենք, որ ֆրանսական աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, թէ սէուտցի լրագրող Խաշոքճիի սպանութեան հարցով ձերբակալած են Խալետ Ութէյպի անունով սէուտցի կասկածելի մը:

Պայտըն-Փութին Գերաստիճանին Առընթեր.  Թեհրան-Ապու Տապի Մերձեցումները`  Շրջանային Սառցահալի Նախաքայլ

Պայտըն-Փութին Գերաստիճանին Առընթեր. Թեհրան-Ապու Տապի Մերձեցումները` Շրջանային Սառցահալի Նախաքայլ

«Թեհրանի հետ յարաբերութեանց զարգացումը մեր առաջնահերթ հարցերէն մէկն է», շեշտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային ապահովութեան խորհրդական Թահնուն Պըն Զայէտ երկուշաբթի Թեհրան կատարած իր այցելութեան առիթով: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պատասխանատուն Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ, որ այս առիթով անհրաժեշտ նկատեց շրջանին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը` ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար:...

Փութինի Հետ Խօսակցութեանց  Լոյսին Տակ Պայտըն  Պիտի Խորհրդակցի Եւրոպայի  Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Փութինի Հետ Խօսակցութեանց Լոյսին Տակ Պայտըն Պիտի Խորհրդակցի Եւրոպայի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ կայացած առցանց վեհաժողովէն ետք նախագահ Պայտըն կը ծրագրէ խորհրդակցիլ Եւրոպայի` Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ ղեկավարներուն հետ: Արդարեւ, կը թուի, թէ առցանց փակ գիծով կայացած երկու ժամ տեւած հաղորդակցութիւնը «գոհացուցիչ չէ եղած» յատկապէս Ուքրանիոյ հարցին գծով, որուն գծով նախագահ Պայտըն զգուշացուց թէ «Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ կողմէ որեւէ հակադիր կեցուածք...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

ՈՒՈԼ Սթրիթ «Ճըռնըլ»-ի համաձայն, Սէուտական զինամթերքի քանակը,  որ կը գործածուի շաբաթական հերթական յարձակումներու դէմ պաշտպանութեան համար, սկսած է նուազիլ: ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներու համաձայն, ամերիկեան իշխանութիւններ կառչած կը մնան Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իրենց հիւպատոսարանի վերաբացման յանձնառութեան: ՈՒՇԱԳՐԱՒ քայլով մը արաբական երկիր մը շաբաթական արձակուրդի օր որոշեց շաբաթ եւ կիրակի օրերը: ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ քոնկրեսին մէջ քուլիսային սերտ ճիգեր կը տարուին արգիլելու...

Ալճերիա 100 Միլիոն Տոլար  Պիտի Յատկացնէ Պաղեստինի

Ալճերիա 100 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնէ Պաղեստինի

Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Մեժիտ Թեպուն յայտարարեց, թէ հարիւր միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Պաղեստինին, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի երեք հարիւր ուսանողի կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ: Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի Ալճերիա կատարած եռօրեայ այցելութեան առիթով դրսեւորուած այս կեցուածքին առընթեր Ալճերիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ միջպաղեստինեան համաժողով մը պիտի կազմակերպէ Ալճերիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` Պաղեստինի հարցը առանցքային օրակարգ պիտի կազմէ Ալճերիոյ մէջ նախատեսուող արաբական յառաջիկայ...

Էրտողան. «Մզկիթներու Վրայ  Յարձակումները Անպատասխան Պիտի Չմնան»

Էրտողան. «Մզկիթներու Վրայ Յարձակումները Անպատասխան Պիտի Չմնան»

«Կիպրոսի մէջ մզկիթներու վրայ յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ` նախքան իր Քաթար երկօրեայ այցելութիւնը: Ան աւելցուց, որ թրքական մզկիթները թիրախ դարձնող արարքներուն գծով հետաքննութիւն բացուած է: Նշենք, որ վերջերս անձ մը ձերբակալուեցաւ Լառնաքայի մէջ` թրքական մզկիթի մը վրայ յարձակում կատարած ըլլալու յանցանքով: Էրտողան Կ՛այցելէ Քաթար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ ուղղուեցաւ Քաթար` ընդառաջելով...

Փեսքով. «Խրիմի Հարցը Փակուած Է»

Փեսքով. «ՕԹԱՆ-ը Չ՛ընդունիր «Կարմիր Գիծեր»

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է. «ՕԹԱՆ-ը կը ցուցաբերէ ծայրայեղ յարձակողապաշտ դիրքորոշում եւ «կարմիր գիծեր»-ը չի ճանչնար»: «Մենք կը տեսնենք, որ հիմա ՕԹԱՆ-ը կը ցուցաբերէ յարձակողապաշտ պահուածք: Մենք կը տեսնենք պարոն Սթոլթենպերկի (ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար) հռետորաբանութիւնը: Մենք կը տեսնենք Միացեալ Նահանգներու տարբեր ներկայացուցիչներու հռետորաբանութիւնը: Անոնք բոլորը կը խօսին այն մասին, որ չեն ընդունիր որեւէ կարմիր գիծ: Անոնք կը...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ իշխանութիւնները դիւանագիտական պոյքոթ յայտարարեցին յառաջիկայ տարեսկիզբին Պէյճինկի մէջ նախատեսուող ողիմպիական խաղերուն դէմ: Ամերիկացիք իրենց այս կեցուածքը հիմնաւորեցին Չինաստանի «մարդկային իրաւանց վատ վարքագիծով»: Այսուհանդերձ, Սպիտակ տան բանբեր Ճէյն Փսաքի հաստատեց, որ ամերիկացի մարզիկները պիտի մասնակցին Պէյճինկի ողիմպիական խաղերուն: «ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ պիտի դառնայ Ամերիկայի յոռեգոյն նախագահը պատմութեան մէջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ: Ան ընդգծեց, որ Պայտընի օրով ամերիկեան...

Թուրքիա. «Ուքրանիոյ «Պայրաքտար»-ի  Մատակարարումը Չի Վերաբերիր  Ռուսիոյ Հետ Լարուածութեան»

Թուրքիա. «Ուքրանիոյ «Պայրաքտար»-ի Մատակարարումը Չի Վերաբերիր Ռուսիոյ Հետ Լարուածութեան»

Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան տնօրէն Իսմայիլ Տեմիր երէկ յայտարարեց, որ թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու սարքերու մատակարարումները Ուքրանիոյ կապուած չեն Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ լարուածութեան հետ: «Մենք Ուքրանիոյ ծախած ենք անօդաչու թռչող սարքերու որոշ քանակ մը: Այնպէս չէ, որ մենք ներկայիս անօդաչու թռչող սարքեր կը ծախենք, երբ լարուածութիւն կը նկատուի Ռուսիոյ հետ: Այդ քանակին մասին նախապէս եղած են համաձայնութիւններ: Ուքրանիա ունեցած է...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  2019-ին Հայաստանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Իրավիճակին Զեկուցումին Մէջ Կը Խօսի «Խոշտանգումներ,  Կամայական Ձերբակալութիւններ»-ու Մասին

Միացեալ Նահանգներ. Իրան Մերժած Է Որեւէ Փոխզիջում Կատարել

Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Իրան մերժած է կատարել փոխզիջումներ, որոնց ան դիմած էր 2015 թուականին հիւլէական գործարքը վերականգնելու հարցով բանակցութիւններուն ժամանակ, եւ աւելին պահանջած է նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցած աննուղղակի բանակցութիւններուն ժամանակ: Ըստ անոր, Թեհրանի դիրքորոշումը այդպիսի առաջին բանակցութիւններու ժամանակ աւելի քան հինգ ամիսներու ընթացքին...

Պայտըն Յայտարարած Է Մոսկուան  Զսպող Իր Նոր Քայլերուն Մասին

Պայտըն Յայտարարած Է Մոսկուան Զսպող Իր Նոր Քայլերուն Մասին

Նախանցեալ օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ կը նախապատրաստէ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց նպատակն է արգիլել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը` Ուքրանիոյ հետ լարուածութիւնը սրելու քայլերու ձեռնարկելէ: Նախագահ Պայտըն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն սերտ կապեր կը պահեն եւրոպացի եւ ուքրանացի գործընկերներուն հետ` Ուքրանիոյ...

Ֆրանչիսկոս Պապը Կիպրոսէն  Մեկնեցաւ Յունաստան

Ֆրանչիսկոս Պապը Կիպրոսէն Մեկնեցաւ Յունաստան

«Վատիկան Նիուզ» կայքը հաղորդեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը Կիպրոսէն մեկնեցաւ երախտագիտութեան ուղերձով եւ ազգին համար խաղաղութեան աղօթքներով, մինչ կիպրացիները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին պապի յոյսի, խաղաղութեան եւ միասնութեան ուղերձին համար: Կիպրոսէն ետք Ֆրանչիսկոս պապը այցելեց Յունաստան: Պապի 35-րդ առաքելական ճամբորդութեան յատկանշական վայրերէն մէկն էր Լեզվոս կղզին, ուր ան հանդիպում ունեցաւ այդտեղ ապաստանած գաղթականներուն հետ: Նախքան գաղթականներուն հետ պաշտօնական հանդիպումը, պապը շրջագայեցաւ գաղթավայրին...

Ալճերիա. «Մարոքի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Գործարքը «Կեղտոտ Ռազմական Միութիւն» Է»

Ալճերիա. «Մարոքի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գործարքը «Կեղտոտ Ռազմական Միութիւն» Է»

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լամամրան «կեղտոտ ռազմական միութիւն» կոչած է Մարոքի եւ Իսրայէլի միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ գործարքը: «Այդ կեղտոտ միութեան նկատմամբ Մարոքի իշխանութիւններու իւրաքանչիւր քայլ զայն աւելի կը հեռացնէ Ալճերիայէն եւ անոր ժողովուրդէն», յայտարարած է ան: Ըստ անոր, Մարոք-Իսրայէլ միութիւնը «կ՛արտացոլացնէ նմանութիւնը այդ երկու ծաւալապաշտական շրջանային պետութիւններուն, որոնց շարժիչը իրենց զոհերուն արհամարհումն է, որոնք զրկուած են հիմնարար իրաւունքներէ»:...

«Օմիքրոն»-ը` Աշխարհի  30 Երկիրներու Մէջ

«Օմիքրոն»-ը` Աշխարհի 30 Երկիրներու Մէջ

Առնուազն 30 երկիրներու մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակի` «Օմիքրոն»-ի պարագաներ: Տարբեր երկիրներու մէջ յայտնաբերուած են «Օմիքրոն»-ով վարակուած պարագաներ, որոնք պատուաստուած են: «Օմիքրոն»-ը յունական այբուբենի 15-րդ տառն է: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը 26 նոյեմբերին «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակը դասակարգած է այդ տառով: Մասնագէտները տակաւին յստակ չեն պարզած այդ ժահրին վարակելիութեան եւ վտանգաւորութեան աստիճանը:

Ապտոլլահեան. «Բանակցութիւնները  Լաւ Կ՛ընթանան, Սակայն Դանդաղ Են»

Ապտոլլահեան. «Բանակցութիւնները Լաւ Կ՛ընթանան, Սակայն Դանդաղ Են»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հիւլէական թղթածրարին մասին երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի հետ: Ապտոլլահեան նշած է, որ «բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան, սակայն դանդաղ են»: Նախարարը Եւրոպական Միութեան արտաքին ծառայութեան շնորհակալութիւն յայտնած է համագործակցութեան համար: Ան ըսած է, որ իրանական կողմին նպատակն է «ապահովել բոլոր անարդար պատժամիջոցներուն չեղեալ...

Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ, Վրաստանի  Եւ Մոլտովայի Զինեալ Ուժերուն  Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ

Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ, Վրաստանի Եւ Մոլտովայի Զինեալ Ուժերուն Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի կայքին, Եւրոպական Միութիւնը տասնեակ միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտովայի զինեալ ուժերուն աջակցելու համար: Եւրոպական խորհուրդը համաձայնած է երեք երկիրներու զինուորական եւ պաշտպանական կարողութիւնները երեք տարուան ընթացքին զօրացնել: Եւրոպական խորհուրդի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Խաղաղութեան եւրոպական գործիքակազմի ծիրին մէջ նոր նախաձեռնութիւններ ուղղուած են «նեքրին կայունութեան ու խաղաղութեան» ամրապնդման եւ չեն ներառեր մահաբեր զէնքի...

ՄԱԿ-ը Աշխարհին Կոչ Կ՛ուղղէ Պահպանելու  Ողիմպիականի Զինադադարը

ՄԱԿ-ը Աշխարհին Կոչ Կ՛ուղղէ Պահպանելու Ողիմպիականի Զինադադարը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունած է ողիմպիական զինադադարը պահպանելու կոչով բանաձեւ մը, որուն վերնագիրն է «Կառուցել խաղաղ եւ աւելի լաւ աշխարհ` մարզական եւ ողիմպիական գաղափարի ճանապարհով»: Բանաձեւը միասնաբար առաջարկած են ՄԱԿ-ի 173 անդամներ, եւ անիկա միաձայն ընդունուած է: Ն. Ք. 8-րդ դարուն Հին Յունաստանի մէջ հաստատուած աւանդութեան համաձայն, ողիմպիական խաղերուն նախորդող եւ յաջորդող 7 օրերուն ընթացքին երկիրները կը դադրեցնէին բոլոր տեսակի...

Page 296 of 883 1 … 295 296 297 … 883

Արխիւներ