Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Տարօրինակ Կերպով Ուքրանիա «Ռուսական Ներխուժման» Նիւթի Պատրանքով Լեցուած Են. Ատիկա Գոյութիւն Չունի Եւ Չի Կրնար Ունենալ» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ տարօրինակ կերպով լեցուած են «ռուսական ներխուժման» նիւթի պատրանքով. ատիկա գոյութիւն չունի եւ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, մինչդեռ Ուաշինկթըն չունի ո՛չ բարոյական, ո՛չ ալ քաղաքական իրաւունք` բարձրացնելու այն հարցը, թէ Ռուսիան իր տարածքին մէջ ի՛նչ կ՛ընէ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

«Ամերիկացիները անբացատրելիօրէն լեցուած են այն պատրանքով, որ Ուքրանիա «ռուսական ներխուժման» վտանգ կայ, նման բան չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Իսկ այն, ինչ որ մենք կ՛ընենք մեր տարածքին մէջ, ուղղակի անոնց չի վերաբերիր, անոնք ո՛չ բարոյական, ո՛չ ալ քաղաքական իրաւունք ունին նման հարթութեան վրայ այդ հարցը բարձրացնելու», ըսած է Ռիապքով:

Նախապէս Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճօ Պայտընի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին յստակօրէն ըսած է, որ ռուսական զօրքերը տեղակայուած են Ռուսիոյ տարածքին մէջ եւ ոչ ոքի կը սպառնան»:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ միութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ Ռուսիոյ դէմ միատեղ պատժամիջոցներու հաստատումը կը սերտէ: «Մենք զսպելու փորձի կացութեան մէջ ենք», աւելցուց ան:

«Յամենայն դէպս, յստակ պատգամներ պիտի յղենք, թէ Ուքրանիոյ դէմ որեւէ յարձակում Ռուսիոյ համար սուղ գին պիտի ունենայ: Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ պատժամիջոցներու կարելիութիւնները, զանոնք ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս ու համակարգուած կերպով գործադրելու կարելիութիւնները կը քննարկենք», յայտնեց Պորել:

 

 

Նախորդը

«Էրտողանի Որեւէ Խնդրանք, Կարելիութեան Պարագային, Պիելոռուսիոյ Կողմէ Առանց Առարկութեան Կը Կատարուի» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Յաջորդը

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Տարակարծութիւնները Կը Նուազին» Կ՛ըսէ Իրանի Աւագ Բանագնացը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?