Ամերիկացի զինուորներ երկուշաբթի արշալոյսին ուղղաթիռներով էջք կատարած են Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանի Պուսէյրա քաղաքին մէջ, ուր երեք անձեր` ուսուցիչ մը եւ անոր երկու զաւակները սպաննած են ու շարք մը այլ անձեր իրենց հետ տարած: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Նշենք, որ ասիկա այս ամսուան ընթացքին իր տեսակին մէջ ամերիկեան ուժերու երկրորդ նմանօրինակ գործողութիւնն է, իսկ անցեալ ամիս ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ արեւելեան նահանգներու տարբեր շրջաններուն մէջ 6 նոյնպիսի գործողութիւններ կատարած էին: