Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էրտողանի Որեւէ Խնդրանք, Կարելիութեան Պարագային, Պիելոռուսիոյ Կողմէ Առանց Առարկութեան Կը Կատարուի» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան Պիելոռուսիոյ համար ամէնէն բարեկամական պետութիւններէն է: Պիելոռուսական «Կփ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:

Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքական համագործակցութեան, ապա, Լուքաշենքոյի համաձայն, շատ հարցերու մէջ Պիելոռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները նման են:

«Միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ խնդիրներ չկան: Մենք իրարու կ՛աջակցինք: Թուրքիան Պիելոռուսիոյ համար ամէնէն բարեկամական պետութիւններէն է: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անոր ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կ՛աջակցին Պիելոռուսիոյ` բոլոր միջազգային հարթակներուն մէջ: Մենք կ՛աջակցինք Թուրքիոյ: Նման բարեկամական յարաբերութիւնները թրքական պետութեան եւ թուրք ժողովուրդին հետ մեզի համար շատ կարեւոր են», ըսած է Լուքաշենքօ:

Պիելոռուսիոյ նախագահը նշած է, որ անձնական լաւ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ ղեկավարին հետ:

«Ռեճեփ Էրտողանի որեւէ խնդրանք, կարելիութեան պարագային, Պիելոռուսիոյ կողմէ առանց առարկութեան կը կատարուի, նոյնը մենք կը տեսնենք Թուրքիոյ կողմէ: Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Թուրքիոյ ղեկավարութեան այդ սկզբունքային դիրքորոշումին համար», ըսած է Լուքաշնեքօ:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը կրնայ դադրեցնել դէպի Եւրոպա կազի տարանցումը, եթէ Արեւմուտքի պատժամիջոցները Մինսքը դնեն արտակարգ կացութեան մէջ, եւ այլ կերպ պատասխանելու տարբերակ չըլլայ:

«Եթէ անոնց կողմէ հաստատուած կամ ապագային հաստատուելիք պատժամիջոցները մեզ արտակարգ դրութեան մէջ դնեն, եւ մենք անոնց պատժամիջոցներուն պատասխանելու ելք չունենանք, մենք պիտի օգտուինք այդ կարծր քայլէն», ըսած է Լուքաշենքօ` մեկնաբանելով կազի տարանցումը արգիլելու կարելիութիւնը:

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Հայաստանը Եւ Թուրքիան Շուտով Փոխադարձաբար Յատուկ Ներկայացուցիչներ Պիտի Նշանակեն»

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Տարօրինակ Կերպով Ուքրանիա «Ռուսական Ներխուժման» Նիւթի Պատրանքով Լեցուած Են. Ատիկա Գոյութիւն Չունի Եւ Չի Կրնար Ունենալ» Կ՛ըսէ Ռիապքով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?