Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանն Ու Անոր Որդին Յատուկ Ճամբարներու Մէջ Կը Մարզեն Ժիհատականներ, Որոնց Շարքին` Ռուսիոյ Դեսպանը Սպաննողը

Դեկտեմբեր 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքին կողմէ ղեկավարուող թրքական հիմնադրամի գաղտնի արխիւէն լուսանկարներու արտահոսքը բացայայտած է գոյութիւնը ժիհատական ճամբարներու, որոնք հաւաքած են երիտասարդներ Թուրքիայէն, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական սփիւռքէն: Այս մասին կը գրէ «Նորտիքմոնիթըր»-ը:

Լուսանկարին մէջ պատկերուած են երիտասարդներ` ժիհատականներու պաստառներու տակ, հոգեւորականներու դասախօսութիւններու ժամանակ եւ ցուցամատը վերեւ, որ Աստուծոյ հետ միասնութեան խորհրդանիշ է. այդպէս կը կատարէին «Քայիտա»-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի ժիհատականները Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:

Ճամբարները կը կազմակերպէ Թուրքիոյ երիտասարդական հիմնադրամը` նախագահի 40 տարեկան որդիին` Նաճմետտին Պիլալ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Հիմնադրամը սերտօրէն կը համագործակցի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ:

Լուսանկարները «Ուսումնական ճամբար» կոչուող թղթապանակէն են, որ կը ներառէ 12 լուսանկար, անոնք արխիւացուած են ներքին օգտագործման համար եւ ներկայացուած են տնօրէններու խորհուրդի անդամներուն, ինչ որ կը նշանակէ, որ ճամբարին գործունէութիւնը հաստատուած է հիմնադրամի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ:

Լուսանկարներէն բացի, համացանցի վրայ յայտնուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն Թուրքիոյ նախագահին եւ անոր որդիին նպատակներուն մասին` կրթել իսլամական երիտասարդներ եւ զանոնք օգտագործել քաղաքական նպատակներով` թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ արտերկրի մէջ:

Քանի մը լուսանկարներու մէջ երիտասարդները լուսանկարուած են դրօշի տակ` Քորանի մէջբերումներով, որոնք յաճախ սխալ կը մեկնաբանուին զինեալներու կողմէ` արդարացնելու համար բռնի արշաւը: «Ալ Հաժ» սուրայի 78-րդ այան կ՛ըսէ. «Ջանասէր եղէք Ալլահի ճամբուն ճիշդ ձեւով: Ան քեզ ընտրեց»:

Ճամբար հրաւիրուած հոգեւորականներէն մէկը ժիհատական եւ հակասեմական թուրք հոգեւորական Նուրետտին Եըլտըզն էր, որ զինեալ ժիհատի կոչ կ՛ուղղէր: Եըլտըզ ժողովրդավարութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ անհաւատներու համակարգ եւ կ՛ըսէ, որ անիկա կրնայ օգտագործուիլ միայն իբրեւ խաբէութեան միջոց` իշխանութեան հասնելու համար: Ան 2016 թուականի դեկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը սպաննած երիտասարդ ոստիկանի դաստիարակն է: Բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը զինք պաշտպանած է քրէական սպանութեան յանցակից ըլլալու համար հետապնդումէն:

Լուսանկարներուն մէջ երեւցող պաստառները ցոյց կու տան, որ ճամբարները կը կազմակերպուին Էրտողանի իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան յենարան Պոլսոյ Թուզլայի քաղաքապետարանին պատկանող կամ շահագործուող հաստատութեան մէջ: Տարածքը 2009 թուականէն կը կառավարուի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ քաղաքապետ Շատի Եազըճըի կողմէ: Ան անձամբ գտնուած է այս ճամբարներուն մէջ եւ խօսք արտասանած:

 

Նախորդը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեանի, Ալիեւի Եւ Միշելի Եռակողմանի Հանդիպումը

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտած Է Իսրայէլի Վարչապետին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելութիւնը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?