Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Տարակարծութիւնները Կը Նուազին» Կ՛ըսէ Իրանի Աւագ Բանագնացը

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային հինգ տէրութիւններու հետ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ Իրանի աւագ բանագնաց Ալի Պաղերի Քանի Վիեննայի մէջ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան լրագրողին հետ բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ բանակցութիւններու շրջանակի վերաբերեալ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները կը նուազին:

«Տարբեր հարցերու շուրջ երկու կողմերուն դիրքորոշումները իրարմէ տարբեր են», ըսած է ան` սակայն նշած, որ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին երկու կողմերը բանակցութիւններ վարած են բանակցութիւններու շրջանակի մասին:

Ան մատնանշած է, որ բոլոր կողմերը բանակցութիւններուն մէջ քննարկուելիք հարցերու շուրջ եզրակացութեան կու գան, եւ այդ առումով տարակարծութիւնները հետզհետէ կը նուազին:

Իրանցի դիւանագէտը ըսած է, որ ատիկա մեծ յառաջընթաց է, որովհետեւ նախնական տարակարծութիւնները կը վերաբերէին քննարկումներու շրջանակին:

Ըստ Եւրոպական Միութեան, բանակցութիւններուն մասնակիցները պիտի շարունակեն քննարկել Միացեալ Նահանգներուն հիւլէական գործարքին վերադառնալու հեռանկարները, եւ ինչպէ՛ս ապահովել, որ բոլոր կողմերը ամբողջովին ու արդիւնաւէտ կերպով կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները: Թեհրան կը պահանջէ, որ Միացեալ Նահանգներ ջնջեն պատժամիջոցները:

Վիեննայի բանակցութիւններուն կը մասնակցին Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի ներկայացուցիչները: Պաշտօնական առումով այս երկիրները դուրս չեն եկած 2015-ի հիւլէական համաձայնագիրէն, ինչ որ ըրած են Միացեալ Նահանգները` Տանըլտ Թրամփի նախագահութեան ժամանակ: Ատոր ի պատասխան Իրան խախտած է համաձայնագիրին կէտերը` սկսելով մեծցնել իր հարստացուած իւրանիոմի պաշարները:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Տարօրինակ Կերպով Ուքրանիա «Ռուսական Ներխուժման» Նիւթի Պատրանքով Լեցուած Են. Ատիկա Գոյութիւն Չունի Եւ Չի Կրնար Ունենալ» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Յաջորդը

Իսրայէլի Վարչապետը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?