«Մոսկուան մտադիր չէ հրաժարիլ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերու կարգավիճակին շուրջ Ուքրանիոյ հետ քննարկումներէն», երէկ յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով մամուլին մէջ յայտնուած այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, Ռուսիոյ իշխանութիւնները Քիեւիհետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման պարագային այս երկու մարզերու պատկանելիութեան հարցին պիտի չանդրադառնան:
«Ատիկա այդպէս չէ, ատիկա սխալ տեղեկատուութիւն է», լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին երէկ նշած է Փեսքով:
Խերսոնի մարզը ամբողջութեամբ եւ Զափորոժիէի մարզին մեծ մասը ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուած են պատերազմի առաջին շաբաթներուն: