Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրը «յաւիտեանս սեղանի վրայ» պիտի մնայ, ատիկա «մեծ ու վտանգաւոր սխալ է»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Ֆրանսան իր գործընկերներուն նման պիտի չընդունի, որ Իրանը հիւլէական զինուորական կարողութիւն ձեռք բերէ, եւ համաձայնութեան առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց` պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերելու եւ համաձայնութիւնը արագօրէն կնքելու համար պէտք եղած որոշումները որդեգրելու:
Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ ամերիկացի աւագ բանագնաց Ռապըրթ Մալի նախապէս զգուշացուցած էր, որ բանակցութիւններու ձախողութեան առիթը յաջողութեան առիթէն աւելի մեծ է` խոստանալով Թեհրանի վրայ ճնշումէն ետդարձ չկատարել, եթէ շարունակէ կառչած մնալ իր պահանջներուն:


