Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Սալիվըն խոստովանած է, որ գոյութիւն ունի Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մէջ դեսպանատուներու փոխադարձ փակման հաւանականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Կայ նման հաւանականութիւն: Բայց եւ այնպէս` ես կը կարծեմ, որ ատիկա մեծ սխալ պիտի ըլլար», ըսած է Սալիվըն` պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի հարցումին:
Անոր համաձայն, Սպիտակ տան մէջ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական խզման կողմնակիցներ չկան:
«Ես կրնամ պատկերացնել միայն մէկ պատճառ, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներ ստիպուած պիտի ըլլան փակել իրենց դեսպանատունը: Ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն այն պարագային, երբ ատոր աշխատանքը շարունակելը անվտանգ չըլլայ», բացատրած է դեսպանը:
Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նախապէս նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական խզումը կարելի չէ եւ երբեք պիտի չըլլայ: Անոր համաձայն, նուազագոյն անհրաժեշտ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պահպանումը չափազանց կարեւոր է թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ալ Ռուսիոյ համար: