Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հրաւէրով այսօր կ՛այցելէ Անգարա: Նախարարները պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ Անգարայի մէջ կը նախատեսուի Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպումը: