Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ Անգարային` կոչ ուղղած են ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման հարցին նկատմամբ ճկունութիւն ցուցաբերելու, «սակայն մենք մեր պահանջներու բաւարարումէն առաջ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի, ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նկատմամբ մեր դիրքորոշումը պիտի չփոխենք»:
Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդակցական ու արժեւորման ժողովի ընթացքին մատնանշեց Թուրքիոյ համաշխարհային տագնապներու հետ վարուելու յաջողութիւնը»:
«Մինչ աշխարհի անվտանգութեան ու տնտեսութեան համակարգի վերադասաւորումը տեղի կ՛ունենայ, Թուրքիան բոլոր ոլորտներուն մէջ իր իւրայատկութիւնն ու ուժը ցոյց կու տայ», ըսաւ ան` նշելով. «Դաշինքի ընդլայնման վերաբերեալ մեր սկզբունքային դիրքորոշման ճամբով բոլորին յիշեցուցինք ՕԹԱՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դիրքին կարեւորութիւնը»: