Անգարան Սթոքհոլմին եւ Հելսինքիին ներկայացուցած է 10 նախապայմաններ, որոնց կատարումը կրնայ Թուրքիոյ իշխանութիւնները դրդել վերատեսութեան ենթարկելու այդ երկիրներուն` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան նկատմամբ դիրքորոշումը: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը:
Թրքական պահանջներու թղթածրարը Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ներկայացուցիչներուն ներկայացուած է 25 մայիսին` Անգարայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին: Մասնաւորաբար, ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական օրաթերթը, երկու երկիրները պէտք է յայտարարեն, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները դիմակայելու հարցին մէջ կ՛աջակցին Անգարային եւ համապատասխան օրէնսդրական փաստաթուղթեր կ՛որդեգրեն: Շուէտը եւ Ֆինլանտան պէտք է իրենց տարածքներուն մէջ փակեն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք առնչուած են Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ու ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ, փակեն անոնց պատկանող դրամատնային հաշիւներն ու լրատուամիջոցները, չարտօնեն ատոնց վերաբացումը:
Բացի ատկէ, Անգարան Սթոքհոլմէն եւ Հելսինքիէն կը պահանջէ վերցնել պաշտպանական արտադրութեան Թուրքիոյ արտածման արգելքը եւ արտայանձնել այն մարդիկը, որոնք կապ ունին ահաբեկիչներու հետ:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները նաեւ առաջարկած են, որ ահաբեկչութեան դիմակայման հարցին մէջ երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը հաստատուի:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս յայտարարած է, որ Անգարան պիտի չպաշտպանէ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը, քանի տակաւին Սթոքհոլմը եւ Հելսինքին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հարցին մէջ չեն կողմնորոշուած:


