Թրքական «Ճումհուրիէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ին անդամակցութենէն ոչ մէկ օգուտ ստացած է` աւելցնելով, որ դաշինքէն դուրս գալը Անգարային շատ դրական արդիւնքներ կը խոստանայ:
Թուրքիոյ կորուստը ՕԹԱՆ-ի համար պիտի նշանակէ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ազդեցութեան կորուստ: Անգարայի համար ատիկա պիտի ըլլայ անցում` Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ Շանկհայի կազմակերպութեան եւ ՊՐԻՔՍ-ի հետ համարկման: