Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Պահանջով Ցոյց

June 22, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու ղեկավարները այս հինգշաբթի եւ ուրբաթ Պրիւքսելի մէջ պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ շնորհելու հարցը:

Ան ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն վերաբերեալ այդ որոշումը պէտք է որդեգրուի միաձայնութեամբ:

Միշել 23-24 յունիսին նախատեսուած վեհաժողովի հրաւէրին մէջ յայտնեց. «Եկած է ժամանակը ընդունելու, որ Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Վրաստանի ապագան Եւրոպական Միութեան մէջ է: Ես ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ` Եւրոպական Միութեան մէջ թեկնածուի կարգավիճակ շնորհելու Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային: Ատոր զուգահեռ, պիտի շարունակենք Ուքրանիոյ մարդասիրական, զինուորական, տնտեսական եւ ելեւմտական ուժեղ աջակցութիւն տրամադրել»:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն իր կարգին անցեալ շաբաթ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն յանձնարարած էր Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակի շնորհման համաձայն գտնուիլ, իսկ Վրաստանի հարցով նշած էր, որ այդ երկիրը պէտք է բարեկարգումներ կատարէ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար:

Միւս կողմէ, տասնեակ հազարաւոր վրացիներ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ ցոյց կատարեցին` պահանջելով իրենց երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը:

Ցուցարարները հաւաքուեցան Վրաստանի խորհրդարանին առջեւ` բարձրացնելով Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան դրօշները: Վրացական եւրոպամէտ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը Պրիւքսելին պատգամ յղելու համար կոչ ուղղած էին Թիֆլիսի մէջ «յանուն Եւրոպայի երթ» կատարելու` ընդգծելու համար, որ «վրացի ժողովուրդը յանձնառու է իր եւրոպական ընտրանքին եւ արեւմտեան արժեչափերուն»:

 

Նախորդը

Ֆինլանտան Չէ Յաջողած Համոզել Թուրքիան. Երկիրը Մինչեւ Սեպտեմբեր Պիտի Չկարենայ ՕԹԱՆ-ին Անդամակցիլ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Սկսած Են Խօսիլ ՕԹԱՆ-էն Դուրս Գալու Կարելիութեան Մասին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.