Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պոռն նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ներկայացուցած է նախարարաց խորհուրդի հրաժարականի խնդրագիր, որ մերժուած է: Երէկ այս մասին յայտնեց Էլիզէի պալատը:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մաքրոնի վարչակազմէն յայտնած են. «Պետութեան ղեկավարը կ՛ակնկալէ, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը»: Էլիզէի պալատի ներկայացուցիչներուն համաձայն, նախագահը «մտադիր է կառուցողական լուծումներ որոնել» խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին:
Կառավարութեան հրաժարականի խնդրագիրը տրուած է 19 յունիսին աւարտած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն պատճառով: Երկրին իշխող դաշինքը խորհրդարանի ստորին պալատին` Ազգային ժողովին մէջ կորսնցուցած էր աթոռներու յուսալի մեծամասնութիւնը:
Նախքան այդ, Կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու 2-րդ փուլէն ետք Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ մեծութեամբ 2-րդ խմբակցութիւնը ձեւաւորած ձախակողմեաններու ղեկավար Ժան-Լիւք Մելանշոն յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի ձախերը երկրին մէջ կառավարական ճգնաժամը գրեթէ անխուսափելի կը նկատեն:
«Վարչապետ Էլիզապեթ Պոռնը պէտք է հետեւի ձեւաւորուած աւանդութեան եւ նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ արծարծէ իր կառավարութեան վստահութիւն յայտնելու հարցը: Որովհետեւ վարչապետը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն չունի, ապա կառավարութիւնը պիտի պարտուի», յայտարարած էր Մելանշոն: