Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլոմպիոյ Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Պատմական Յաղթանակ

June 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոլոմպիոյ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի քուէներու 100 առ հարիւրին նախնական հաշուարկէն ետք քուէներուն 50,44 առ հարիւրով յաղթած է միացեալ ձախակողմեան ուժերու թեկնածու Կուսթաւօ Փեթրոն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Քոլոմպիոյ Ազգային ընտրական խորհուրդին:

Ազգային ընտրական խորհուրդին տուեալներով` քուէաթերթիկներու հաշուարկէն ետք «Պատմական ուխտ» ընկերվարական դաշինքի թեկնածու Կուսթաւօ Փեթրոն ստացած է 11,2 միլիոն քուէ, կամ քուէներուն 50,44 առ հարիւրը` դառնալով Քոլոմպիոյ յաջորդ նախագահը: Ընտրութեան երկրորդ փուլին Փեթրոյի մրցակիցը` Ռոտոլֆօ Էռնանտեսը ապահոված է քուէարկողներու 47,31 առ հարիւրին զօրակցութիւնը եւ ընդունած իր պարտութիւնը:

Ընկերվարականներու ղեկավարին Քոլոմպիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակը պատմական որակուած է: Փեթրոյի յաղթանակը արդէն իսկ շնորհաւորած են Արժանթինի, Մեքսիքայի, Պոլիվիոյ, Վենեզուելայի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի, Չիլիի, Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները:

Քոլոմպիոյ գործող նախագահ Իւան Տուքէն եւս ընդունած է Փեթրոյի յաղթանակը` զինք հրաւիրելով քննարկելու իշխանութեան փոխանցման հարցը: Յայտնի է, որ նորընտիր նախագահը ընտրուած է չորս տարի ժամկէտով, իսկ երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 օգոստոսին:

Կուսթաւօ Փեթրոյի յաղթանակով Պոկոթայի Նարինիօ նախագահական պալատի ղեկավարութիւնը երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛անցնի Քոլոմպիոյ մէջ երկարամեայ հրոսակային շարժման մօտիկ եղող ձախակողմեան քաղաքական ուժերուն: 62-ամեայ Փեթրոն տնտեսագէտ է եւ ապստամբական շարժման նախկին անդամ: Ան եղած է ծերակուտական եւ երկրի մայրաքաղաքի նախկին քաղաքապետ: Ան երրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի ընտրութեան եւ երկու անգամ ստիպուած եղած է հարկադիր աքսորի պատճառով ապրիլ արտերկրի մէջ:

Նախագահական ընտրութեան մէջ Փեթրոյի փոխնախագահի թեկնածուն սեւամորթ ֆեմինիստ, կեսոլորտային գործիչ եւ իրաւապաշտպան 40-ամեայ Ֆրանսիա Մարքեսն է, որ պիտի դառնայ Քոլոմպիոյ յաջորդ փոխնախագահը:

 

Նախորդը

Ռուսիան Յոյսով Է, Որ Պիտի Կարենայ Թուրքիան Համոզել Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Չկատարելու

Յաջորդը

«Ուքրանիան Ոչ Մէկ Չափորոշիչով Կը Համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Համար» Կ՛ըսէ Վոլոտին

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.