Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բրիտանիան Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Ռուսիոյ Դէմ Զինուորական Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Զօր. Սանտըրս

Յունիս 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի նոր նշանակուած պետ, զօր. սըր Փաթրիք Սանտըրսի համոզումով, ռուս-ուքրանական պատերազմին հարցով բրիտանական բանակը պէտք է պատրաստ ըլլայ Ռուսիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններուն:

Ըստ զօր. Սանտըրսի, Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումով սկսած է Եւրոպայի մէջ «անապահովութեան նոր դարաշրջան»: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Միրըր» օրաթերթը:

Սանտըրս անցեալ անցեալ շաբթուան սկիզբը փոխարինած է զօր. սըր Մարք Սիմթը եւ ստանձնած Բրիտանիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի պաշտօնը:

Ան ըսած է, որ նախապէս բրիտանական բանակին հիմնական առաքելութիւնը բուն Բրիտանիոյ պաշտպանութիւնն էր, սակայն եթէ Ռուսիոյ հետ ճակատումը թէժանայ, ապա բրիտանական ուժերը պէտք է պատրաստ ըլլան դաշնակիցներուն հետ նաեւ Եւրոպայի ցամաքամասին վրայ կռուելու:

Դիմելով բանակին` զօրավարը ըսած է, որ 1941 թուականէն ի վեր ինք դարձած է սպայակոյտի առաջին պետը, որ հրամանատարութիւնը կը ստանձնէ Եւրոպայի ցամաքամասին վրայ մեծ պատերազմի վտանգի պայմաններուն մէջ:

«Մեզ հրատապ կարգով անհրաժեշտ է ստեղծել բանակ, որ ի զօրու պիտի ըլլայ անհրաժեշտութեան պարագային դաշնակիցներու հետ ուս-ուսի տուած կռուելու եւ յաղթելու Ռուսիոյ», ըսած է զօր. սըր Փաթրիք Սանտըրս:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսական Ընդդիմութիւնը Խորհրդարանական Ընտրութիւնները «Մաքրոնի Կատարեալ Պարտութիւնը» Կ՛որակէ

Յաջորդը

Ռուսիան Յոյսով Է, Որ Պիտի Կարենայ Թուրքիան Համոզել Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Չկատարելու

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?