Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Լիթուանիոյ Կողմէ Ապրանքներու Քալինինկրատ Հասնելու Արգելքը Կը Նկատէ «Թշնամական Արարք»

June 22, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Լիթուանիան «Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամական եւ յարձակողական» մօտեցումով կը վարուի` նշելով, որ Վիլնիւսը ապրանքներու ռուսական Քալինինկրատ ներերկիր հասանելիութիւնը արգիլելով անցաւ ոչ բարեկամականութեան սահմանը:

«Պէտք է կարեւոր բան մը հասկցուի. երբ Ռուսիան այլ կողմի մը վարմունքը բացայայտ թշնամանք կ՛որակէ, այդ պարագային բանակցութիւններու կարելիութիւն չի մնար, ո՛չ ալ կարելիութիւն` որոնելու ձեւաչափեր, որոնք կացութիւնը մէկդի դնելու եւ խնդիր գոյութիւն չունենալ ձեւանալու կը ծառայեն», աւելցուց Զախարովա:

«Կը մաղթեմ, որ Լիթուանիոյ ներկայացուցիչներուն մօտ կացութեան արժեւորման մէջ արհեստավարժութեան մնացորդներ կան… պէտք է հետեւանքները գիտակցին, եւ դժբախտաբար, հետեւանքներ պիտի ըլլան», աւելցուց ան:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան դեսպան Մարքոս Իտերերէն պահանջած է անմիջապէս վերականգնել Լիթուանիոյ ճամբով ապրանքներու Քալինինկրատի շրջան հասանելիութիւնը, այլապէս Մոսկուան պիտի հակադարձէ այդ արգելքին:

Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ իր կարգին յայտարարեց, որ Մոսկուան մօտ օրէն պիտի հակադարձէ Վիլնիւսի որոշումին` նշելով, որ լիթուանացի ժողովուրդն է, որ պիտի ազդուի Ռուսիոյ այս հարցով որդեգրելիք քայլերուն հետեւանքներէն:

Նշենք, որ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելիուս Լանտսպըրկիս մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկիրը Եւրոպական յանձնաժողովին ու ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք իր տարածքին ճամբով արգիլեալ շարք մը ապրանքներու տարանցման դէմ արգելք հաստատած է:

Նախորդը

Ֆրանսայի Նախագահը Մերժած Է Վարչապետին Ներկայացուցած Կառավարութեան Հրաժարականի Դիմումը

Յաջորդը

Ֆինլանտան Չէ Յաջողած Համոզել Թուրքիան. Երկիրը Մինչեւ Սեպտեմբեր Պիտի Չկարենայ ՕԹԱՆ-ին Անդամակցիլ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.