Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիան Կրնայ Յաղթել Վիշապին, Որ Դողացուցած Է Աշխարհին Կէսը» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Յուլիս 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հրապարակած է կարճ տեսանիւթ մը, որուն մէջ յայտնած է, որ Ուքրանիան «կրնայ յաղթել վիշապին, որ աշխարհի կէսին ստիպած է դողալ»: Այս մասին հաղորդեց ուքրանական «Նվ» կայքը:

Նախագահը տեսանիւթին մէջ նշած է, որ Ուքրանիան եւ ուքրանացիները ամբողջ աշխարհի համար գերմարդկային հերոսներ դարձած են, սակայն ատոր համար «ստիպուած եղած են մեծ գին վճարել»: Երկրին նախագահը վստահ է, որ ուքրանական դրօշը, Զմէինի կղզիէն ետք, ի վերջոյ պիտի վերադառնայ Խրիմ եւ այլ բռնագրաւուած տարածքներ:

«Մեզի համար դիւրին չէ 134 օր քնանալ, սակայն այս բոլոր օրերուն մենք գիտենք, թէ ինչո՛ւ կ՛արթննանք, որո՛ւ համար եւ ամէնէն կարեւորը` իբրեւ ո՛վ: Մենք ուքրանացիներ ենք, պարզապէս մարդիկ, բարի, խաղաղ մարդիկ, մենք յայտնուած ենք աշխարհի գլխաւոր նորութիւններուն մէջ եւ դարձած գերմարդկային հերոսներ: Ընդամէնը կ՛ուզենք ապրիլ: Ազատ երկրի մէջ: Սակայն Աստուած իր ծրագիրը ունի, եւ եթէ մեզի բաժին ինկած է յաղթահարել վիշապը, որմէ աշխարհի կէսը կը դողայ… կը նշանակէ, որ մենք կրնանք ատիկա ընել… Եւ օր մը անպայման կապոյտ-դեղինը (Ուքրանիոյ դրօշը) պիտի ըլլայ Խրիմի թերակղզիին եւ մեր բոլոր բռնագրաւուած քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ: Եւ անոնց իւրաքանչիւրին մէջ պիտի հնչէ մեր քայլերգը», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հինգշաբթի օր Տումայի ղեկավարութեան եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր. «Բոլորը պէտք է գիտնան, որ, մեծ հաշուով, մենք իրականութեան մէջ (Ուքրանիոյ մէջ) տակաւին ոչինչ սկսած ենք»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ մեկնաբանելով Փութինի խօսքը լրագրողներուն յայտնեց. «Փութինը այսպիսով պարզապէս յիշեցուց, որ ներուժները ամբողջովին անհամեմատելի են, եւ Ռուսիոյ ներուժը այս առումով այնքան մեծ է, որ ատոր միայն չնչին մասը այժմ կ՛օգտագործուի յատուկ զինուորական գործողութեան ընթացքին: Եւ ատոր համար ալ Արեւմուտքի այս բոլոր յայտարարութիւնները բառին բուն իմաստով անհեթեթ են եւ ուղղակի ուքրանացի ժողովուրդին վիշտը կ՛աւելցնեն: Այն, ինչ որ երէկ նաեւ ըսած է նախագահ Փութին»:

 

 

Նախորդը

Յունաստանի Եւ Պուլկարիոյ Բացած Նոր Խողովակաշարով Պուլկարիոյ Ազրպէյճանէն Կազ Պիտի Մատակարարուի

Յաջորդը

«Եթէ Արեւմուտքը Մարտի Դաշտի Վրայ Ուքրանիոյ Յաղթանակը Կ՛ուզէ, Ապա Անոր Հետ Պարզապէս Խօսելու Բան Չկայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին  Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ
Միջազգային

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ

Մայիս 12, 2025
Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին  Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները`  Առանց Որեւէ Նախապայմանի»
Գլխաւոր լուրեր

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Մայիս 12, 2025
Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?