Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, որ կը հրաժարի Բրիտանիոյ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն` նշելով. «Քաղաքականութեան մէջ ոչ ոք անփոխարինելի է»:
«Յստակ է, որ Պահպանողական կուսակցութեան կամքը նոր ղեկավար եւ նոր վարչապետ մը ըլլալն է», նշեց Ճոնսըն` աւելցնելով. «Պիտի շարունակեմ իմ պաշտօնի պարտականութիւնները կատարել, մինչեւ որ նոր ղեկավար մը ընտրուի»:
«Մինչեւ նոր ղեկավարի մը ընտրութիւնը վարչապետի պաշտօնակատարութիւնը շարունակելով նոր կառավարութիւն մը նշանակեցի», ըսաւ ան:
Ճոնսըն նաեւ նշեց. «Երկրին մէջ տնտեսական կացութիւնը դժուար է»:
Ճոնսըն այս քայլին դիմեց երեքշաբթի օրէն ի վեր 55 նախարարներու, պետական նախարարներու եւ փոխնախարարներու հրաժարելէն ետք: Անոնք այդ քայլին դիմած էին իբրեւ բողոք` վերջին շաբաթներուն իրեն առնչուած իրերայաջորդ գայթակղութիւններէ ետք Ճոնսընի պաշտօնէն չհրաժարելուն դէմ:
Վերջին հրաժարող նախարարը կրթութեան նախարար Միշել Տոնիլընն էր, որ երկու օր առաջ նշանակուած էր այդ պաշտօնին:
Ճոնսըն, որ մէկ օր առաջ երեկոյեան յայտարարած էր, որ չի պատրաստուիր հրաժարելու, յայտնեց, որ տխուր է «աշխարհի լաւագոյն աշխատանքը ձգելուն համար»:
Հրաժարականներու զանգուածային ալիքի հիմը դրած են Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ռիշի Սունաքը եւ առողջապահութեան նախարար Սաժիտ Ժաւիտը, որոնք յայտարարած էին, որ կը հրաժարին վարչապետ Ճոնսընի նկատմամբ անվստահութեան եւ անոր ղեկավարման գործելաոճին առնչուած անհամաձայնութեան պատճառով: Հրաժարականներուն պատճառը նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար Քրիսթըֆըր Փինչըրի նշանակման առնչուած գայթակղութիւնն էր:
Անցեալ շաբաթ յայտնի դարձած էր, որ Բրիտանիոյ նախկին արտաքին գործոց փոխնախարարը նախապէս լոնտոնեան ակումբներէն մէկուն մէջ հարբած վիճակի մէջ ծեծկռտուք կազմակերպած էր: Շարք մը քաղաքական գործիչներ կը պնդեն, որ վարչապետը Փինչըրը նշանակած է Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխհամակարգողի պաշտօնին, թէեւ իմացած է անոր տխրահռչակ անցեալին մասին:
Ճոնսըն ներողութիւն խնդրեց եւ խոստովանեցաւ, որ ետ նայելով կը գիտակցի, որ «սխալ բան ըրած է», այս յայտարարութեան յաջորդած են նախարարներու եւ այլ պաշտօնեաներու հրաժարականներ` վարչապետին նկատմամբ անվստահութեան պատճառով:
Աւելի՛ն, Ճոնսըն 2020-ին «Քորոնա» ժահրին պատճառով հաստատուած ընդհանուր արգելքի պայմաններուն մէջ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած խրախճանքներու բացայայտումէն ետք շաբաթներէ ի վեր իր կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններէն հետզհետէ աճող հրաժարելու կոչեր կը դիմագրաւէր:


