Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտնի Է Էրտողանի` Իրան Կատարելիք Այցելութեան Օրակարգը

Յուլիս 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յայտնի դարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 19 յուլիսին Իրան կատարելիք այցելութեան օրակարգը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

Տեղեկութեան համաձայն, Էրտողանի Թեհրան այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը, որմէ ետք կը նախատեսուի նաեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւն:

Ըստ թրքական մամուլին մէջ տարածուած տեղեկութիւններուն, հանդիպումի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հիմնական հարցերն են.

– Առեւտրական միջանցք Թուրքիոյ, Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ. կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ ստորագրուելիք փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ պիտի ներառուի նաեւ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ առեւտրական միջանցքի հետ առնչուած հոլովոյթը: Ծովային ճանապարհով բեռները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Իրանի ճամբով կը հասնին Թուրքիոյ Ալեքսանտրեթի նաւահանգիստ:

– Ահաբեկչութիւն, ներգաղթ, մաքսանենգութիւն. Կողմերը պիտի քննարկեն այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են անվտանգութեան խնդիրները, ահաբեկչութիւնը, ներգաղթը եւ մաքսանենգութիւնը:

– Ուժանիւթային ճգնաժամ եւ Հարաւային Կովկաս. Ըստ թրքական օրաթերթին, այցելութեան օրակարգին վրայ է նաեւ ռուս-ուքրանական տագնապէն ետք ուժանիւթային ճգնաժամը եւ Հարաւային Կովկասի կայունութեան համար ստեղծուած «3+3» ձեւաչափին առնչուած հարցերը:

– Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ ծրագրուող զինուորական գործողութիւններ. Կ՛ենթադրուի, որ Իրան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ծրագրուող նոր զինուորական գործողութիւններուն, որոնք ուղղուած են Անգարայի կողմէ ահաբեկչական հռչակուած ուժերու զինեալներուն դէմ:

Նախորդը

Պունտըսթակը Ճանչցաւ Սինճարի Եզիտիներու 2014 Թուականի Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Յունաստանի Եւ Պուլկարիոյ Բացած Նոր Խողովակաշարով Պուլկարիոյ Ազրպէյճանէն Կազ Պիտի Մատակարարուի

RelatedPosts

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու.  Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ  Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին  Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Մայիս 10, 2025
Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ  Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու  Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնութեան Յանգեցնէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?