ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրները` Պրազիլը, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Չինաստանն ու Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, արդէն սկսած են նախապատրաստական հոլովոյթին, որ կ՛ենթադրէ միաւորման ընդլայնում: Եւ թէեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովի համաձայն, այդ հարցին մէջ չ՛արժեր արագ լուծումներու սպասել, սակայն նոր թեկնածութիւններու քննարկումը արդէն սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան:
ՊՐԻՔՍ-ի անդամակցութեան դիմումներ ներկայացուցած են Արժանթինն ու Իրանը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշած է, որ կայ նաեւ «ամբողջ շարք մը այլ երկիրներու, որոնք նոյնպէս կը յիշատակուին քննարկումներուն ընթացքին: Գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկըմայնէ Ցայթունկ» օրաթերթը պնդած է, որ միաւորման անդամակցութեան յաւակնորդներու շարքին են նաեւ Եգիպտոսն ու Ինտոնեզիան:
Թէ ո՛վ եւ ե՛րբ պիտի անդամակցի ՊՐԻՔՍ-ին, պիտի որոշէ միաւորման ներկայ մասնակիցներուն միջեւ գոյանալիք համաձայնութիւնը. Ռուսիան եւ Չինաստանը արդէն հաւանութիւն տուած է ընդլայնման միտումին: Իսկ այդ որոշումին մէջ առանցքային պիտի ըլլայ, ինչպէս Լաւրով նշած է, «այդ կառոյցին հետագայ արդիւնաւէտութեան ապահովումը, ատոր աշխատանքէն գործնական արդիւնքի բարձրացումը»:


