Թուրքիան չի դադրիր յարձակողական վարմունք ցուցաբերելէ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս:
Յունական կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, թրքական իշխանութիւնները թէեւ Աթէնքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կը շարունակեն ռազմաշունչ հռետորաբանութիւն կիրարկել, սակայն յունական կողմը չի պատրաստուիր Անգարայի ճնշումներուն տեղի տալու:
«Մենք ո՛չ վերաքննողականութեան, ո՛չ ալ կայսերական պատրանքներու վերածնունդի կարիք կը զգանք: Մէկ բան յստակ է` Յունաստանը իր ազգային գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնող որեւէ քայլ պիտի չհանդուրժէ», յայտարարած է Յունաստանի վարչապետը:
Անգարայի եւ Աթէնքի յարաբերութիւնները դարձեալ սրեցան, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Յունաստանի կառավարութիւնը կ՛ընդլայնէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող յունական կղզիներու ռազմական ենթակառոյցները` խախտելով 1923 թուականին կնքուած Լոզանի համաձայնագիրին կէտերը:
Մինչ այդ, յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթը, վկայակոչելով յունական բանակին մօտիկ աղբիւրները, հաղորդեց. «Յունաստանը գնած է թրքական անօդաչու թռչող սարքերու դէմ պայքարի իսրայէլեան համակարգ, որ պիտի պաշտպանէ Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող յունական կղզիները եւ երկրի ցամաքային հատուածին վրայ գտնուող ռազմավարական կառոյցները»:
Աթէնքի մէջ լոյս տեսնող օրաթերթին տեղեկութիւններով` համակարգը տեղադրուած է վերջին երկու ամիսներուն` կատարեալ գաղտնիութեան պայմաններու մէջ:
Յունական լրատուամիջոցին տեղեկութիւններով` իսրայէլեան արտադրութեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը արդիւնաւէտ է թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար Թի.Պի.2» եւ «ԱՆՔԱ-Ս» անօդաչու թռչող սարքերուն դէմ:
«Համակարգը կարելիութիւն կու տայ ապակողմնորոշել անօդաչու թռչող սարքերը` թռիչքի ընթացքին փոխելով անոնց մէջ ծրագրուած մարտական առաջադրանքի մանրամասնութիւնները», կը գրէ «Քաթիմերինի»:


