Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտնած է, թէ աշխարհի վերաբաժանման համար պայքարի յաջորդ կռիւը պիտի ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ատոր ախտանիշերը արդէն ի յայտ եկած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
«Ամերիկացիները կ՛ուզեն գերիշխել… միաբեւեռ աշխարհ կ՛ուզեն, իսկ գլուխ բարձրացնողներուն կը ռմբակոծեն… պատճառը աշխարհի վրայ նոր յարաբերութիւններու ի յայտ գալն է, բազմաբեւեռութիւնը: Այսօր պայքար տեղի կ՛ունենայ ո՛չ միայն մեր յետխորհրդային տարածքին, ատոր եւրոպական մասին համար, այսօր պայքար ծաւալած է Կեդրոնական Ասիոյ համար, ուր կը գտնուին մեր (նախկին խորհրդային) հանրապետութիւնները», ըսած է Լուքաշենքօ` Պիելոռուսիոյ Անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր հանդիպումին ժամանակ:
Ան ընդգծած է, որ այս տարուան սկիզբը Ղազախստանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերէն ետք զգուշացուցած է Ուզպեքիստանի մէջ կացութեան ապակայունացման վտանգէն:
«Տեսէք` Ղարաքալփաքիստանի (ինքնավար) Հանրապետութիւնը… իբրեւ թէ բան մը չէ արտացոլուած սահմանադրութեան մէջ, իսկ հիմա անիկա ոտքի ելած է, ոչ, Ուզպեքիստանը սկսած են ճօճել: Եւ այսօր արդէն կը յայտարարեն, որ ատոր մէջ օտարներու մատը կայ: Անոնք պիտի չհեռանան նաեւ Ղազախստանէն: Կացութիւնը այնտեղ բարդ է», ըսած է Լուքաշենքօ:
«Կեդրոնական Ասիան, ինչպէս նաեւ մենք, յայտնուած ենք երկու կրակի միջեւ. մէկ կողմէ եւրոպացիները եւ ամերիկացիներն են, միւս կողմէ` Չինաստան, որ մեծապէս կ՛օգնէ Կեդրոնական Ասիոյ գոյատեւման: Այս մենամարտը շուտով պիտի ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ատոր ախտանշանները արդէն ի յայտ եկած են», յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:
«Աշխարհը պիտի բաժնեն», ընդգծած է ան:


