Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Հասաքէ Կ՛այցելէ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու Համար

July 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամի գլխաւորութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք` Թուրքիոյ եւ քրտական ղեկավարութեամբ այդ ուժերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու եւ երկու կողմերուն միջեւ հաշտութեան նոր պատկերացում ներկայացնելու համար:

Այցելութիւնը կատարուած է այն պահուն, երբ Թուրքիան մեծաթիւ յաւելեալ ուժեր կ՛ուղղէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հետ շփման գիծ, իսկ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան մը հաւանականութիւնը կը բարձրանայ:

Աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ պատուիրակութիւնը այցելած է Հաուլ գաղթակայան, ուր կը բնակին ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու ընտանիքները, ինչպէս նաեւ Ղուէյրան բանտը, ուր կը գտնուին ՏԱՀԵՇ-ի անդամ հազարաւոր բանտարկեալներ:

Կրահամ հանդիպում ունեցած է շրջանի ղեկավարութեան հետ` ներկայացնելու համար քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ շրջանին մէջ նոր պատերազմէ մը խուսափելու ամերիկացի ծերակուտականին անձնական պատկերացումը:

Ըստ «Մայատին»-ի աղբիւրին, առաջարկուած է երկու կողմերը իրարմէ բաժնող շրջան մը ստեղծել եւ Թուրքիոյ տնտեսական շահեր տրամադրել, որուն դիմաց վերջինս կը հրաժարի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր սպասուող զինուորական գործողութենէն:

Նշենք, որ ծերակուտական Կրահամ ձեռնարկած է դէպի շրջան շրջապտոյտի մը, որուն ծիրին մէջ այցելած է Թուրքիա, Սուրիա եւ Իրաք: Ան Իրաքի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ:

Կրահամ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումներու շարք մը կատարելով յայտնեց, որ իր կարելի ջանքը պիտի թափէ Թուրքիոյ հետ «Էֆ-16»-ներու գործարքը յաջողցնելու, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար` նկատի ունենալով Թուրքիոյ` Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան համար ունեցած կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մեծ Քաղաքներուն Մէջ Սկսած Է «Դուրս Գանք ՕԹԱՆ-էն» Արշաւին

Յաջորդը

«Թուրքիան Չի Դադրիր Յարձակողական Վարմունք Ցուցաբերելէ» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.