Իրան պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի հետ իր սահմանի փակումը: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին 19 յուլիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի:
Հանդիպումի ընթացքին Խամենէի եւ Փութին անդրադարձած են երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային հարցերու լայն օրակարգի:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը, մասնաւորաբար, «վտանգաւոր կազմակերպութիւն» որակած է ՕԹԱՆ-ը, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմին առնչութեամբ համոզում յայտնած է, որ եթէ Մոսկուան չնախաձեռնէր զայն, ապա ատիկա պիտի ընէր հակառակորդ կողմը:
Յիշեցնենք, որ Խամենէի նոյն օրը հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ դարձեալ յայտարարած. «Իրան դէմ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Իրանի եւ Հայաստանի սահմանի արգելափակման քաղաքականութեան»: