Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Նոր Գործողութեան Թղթածրարը Պիտի Մնայ Մեր Օրակարգին Վրայ, Մինչեւ Մեր Անվտանգութեան Առնչուող Մեր Մտավախութիւններուն Չքացումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յուլիս 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ, Սուրիոյ յատուկ Ասթանայի 2017 թուականի հոլովոյթին իբրեւ մաս, կարիքը ունին Եփրատ գետի արեւելեան շրջաններէն հեռանալու»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութեան թղթածրարը պիտի մնայ մեր օրակարգին վրայ, մինչեւ մեր ազգային անվտանգութեան առնչուող մեր մտավախութիւններուն չքացումը», ըսաւ Էրտողան:

«Կ՛ուզենք, որ Ռուսիան եւ Իրանը մեզի հետ ըլլան Թուրքիոյ հարաւային սահմաններէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարին մէջ, եւ պէտք է մեզի անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրեն», նշեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ի զուր կը կարծէ, որ կարող է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ վարչակարգի դրօշը բարձրացնելով թրքական բանակը խաբել»:

Էրտողան այս մասին յայտարարեց Թեհրանի մէջ գումարուած Ասթանայի վեհաժողովէն մէկ օր ետք:

Քենաանի. «Թրքական Կողմը Զգուշացուցինք Սուրիոյ Դէմ Հաւանական Որեւէ Յարձակումի Վնասներէն»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի երէկ յայտնեց. «Սուրիոյ դէմ զինուորական յարձակումին նկատմամբ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է, եւ Թեհրանի պաշտօնատարները թրքական կողմը զգուշացուցին Սուրիոյ դէմ հաւանական որեւէ յարձակումի վնասներէն»:

Ըստ Քենաանիի, Թեհրան յայտնած է, որ «պէտք է դադրեցնել Սուրիոյ մէջ գործունէութիւնը անջատողական ազգայնականներու, որոնց շարքին` քիւրտերուն, եւ անոնք պէտք է ենթարկուին սուրիական կառավարութեան»:

Պատասխանելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի` իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումի մասին հարցումի մը, ան ըսաւ, որ իր երկիրը «տեսակէտները կը փոխանցէ երկու կողմերուն, եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդառաջեց իր իրանցի պաշտօնակիցի հրաւէրին, եւ քննարկուելիք թղթածրարներն են երկու երկիրներու համագործակցութիւնը եւ Ասթանայի հոլովոյթի արդիւնքներուն հետեւիլը»:

«Իրան Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը կ՛ընդգծէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թեհրանի մէջ Ասթանայի վեհաժողովը երեք երկիրներուն կողմէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ անկախութեան յարգումը շեշտեց»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշեց. «Ամերիկան պէտք է իր ուժերը հեռացնէ Սուրիայէն եւ դադրի ահաբեկչութեան աջակցելէ»:

Աւելի ուշ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Դամասկոս գոհ է Թեհրանի վեհաժողովին կողմէ Սուրիոյ միութեան վերաբերեալ հաւասարակշռուած հաղորդագրութեան մը որդեգրման համար թափած ջանքերէն:

«Սուրիական հողերուն վրայ ապահովութեան գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ ձգտումը, զայն Դամասկոսի հետ տագնապի դիրքի վրայ պիտի դնէ», ըսաւ սուրիական դիւանագիտութեան պետը` նշելով, որ իր երկիրը դէմ է սուրիական հողերուն վրայ ապահով գօտիներ ստեղծելու համար թրքական որեւէ միջամտութեան, «եւ մենք դէմ ենք թրքացման քաղաքականութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցութեան»:

Նախորդը

Լաւրով. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսական Զինուորական Գործողութեան Աշխարհագրական Առաքելութիւնը Փոխուեցաւ Եւ Այլեւս Տոնեցքով Ու Լուկանսքով Սահմանափակուած Չէ»

Յաջորդը

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Խամենէի. «Իրան Պիտի Չհանդուրժէ Հայաստանի Հետ Իր Սահմանի Փակումը»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?