Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահներուն երկրորդ հանդիպումը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ անոնք քննարկած են միջազգային եւ շրջանային հարցեր, երեք երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման ու միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը ընդլայնելու կարելիութիւնները:
Համաձայնութիւն գոյացած է համատեղելու եռակողմ ջանքերը պատերազմներու եւ տագնապներու ժամանակ խաղաղութիւն ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ ապահովագրելու իրենց երկիրները աշխարհի վրայ ընթացող քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամերէն:


