Ուքրանական իշխանութիւնները Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի հետ ստորագրեցին հացահատիկի արտածման շուրջ համաձայնութիւն մը:
Ուքրանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ուքրանիոյ ենթակառոյցներու նախարար Ալեքսանտր Քոփրաքով, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ստորագրած են փաստաթուղթը:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու անջատաբար ստորագրեց Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի հետ նոյն փաստաթուղթը:
Փաստաթուղթի ստորագրութենէն առաջ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր. «Աշխարհին պիտի յայտնենք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հացահատիկի արտածման խնդիրի շրջանցման համար համաձայնութեան ստորագրման աւետիսը»:
Համաձայնութիւնը 120 օրուան համար է եւ կրնայ առանց յաւելեալ բանակցութիւններու երկարաձգուիլ: Ըստ պաշտօնատարներու, 120 օրը բաւարար պիտի ըլլայ ուքրանական նաւահանգիստներուն մէջ բանտարկուած 25 միլիոն թոն ցորենի եւ այլ հացահատիկներու արտածման քայլերը ամբողջացնելու համար:
Թուրքիա եւ ՄԱԿ իբրեւ երաշխաւորներ ստորագրեցին համաձայնութիւնը:
«Այսօր Սեւ ծովուն մէջ փարոս մը կայ: Յոյսի փարոս մը, կարելիութեան փարոս մը, հանգստացման փարոս մը, աշխարհի մը մէջ, որ աւելի քան երբեք ատոր կարիքը ունի», ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերես` աւելցնելով, որ պատերազմող երկու երկիրներու միջեւ այսպիսի համաձայնութիւն մը «աննախադէպ» է «եւ պիտի հանգստացնէ սնանկացման եզրին եղող զարգացող երկիրներն ու սովի եզրին կանգնած ամէնէն խոցելի ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ սննդեղէնի համաշխարհային գիներու կայունացման»: Ան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կոչ ուղղեց` համաձայնութիւնը ամբողջական կերպով գործադրելու:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թուրքիոյ` ուքրանական հացահատիկներու արտածումի այս համաձայնութիւնը դիւրացնելուն համար», ըսաւ ան:
Էրտողան իր կարգին ըսաւ. «Այսօր հպարտ կը զգանք գոյացնելով այս համաձայնութիւնը, որ համաշխարհային սննդեղէնի տագնապի լուծման մէջ մեծ դեր պիտի խաղայ»:


